Print Sermon

Այս կայքի նպատակն է տրամադրել անվճար գրված և վիդիոի առնված հատկապես Երրորդ Աշխարհում, որտեղ սահմանափակ աստվածաբանական ճեմարաներ կամ Սուրբ Գրային դպրոցներ կան։

Այս պատգամները հաղորդվում են 1,500,000 համակարգիչներին թե գրավոր և թե վիդէոների միջոցով և տարածվում 221-ից աւելի երկրների մեջ www.sermonsfortheworld.com հասցեով ամեն ամիս։ Հարիւրավոր անձինք դիտում են այս վիդեոները, YouTube-ի միջոցով, բայց շուտով քարոզները փոխադրվոլու են մեր կայքին։ Մեր կայքը սնվում է YouTube-ի միջոցով։ Այս քարոզները 46 լեզուներով թարգմանվում են ամեն ամիս և մոտ 120,000 համակարգիչների են տրվում։ Այս պատգամների համար հեղինակային իրավունք ստացված չեն և բոլոր քարոզիչները հնարավորություն ունեն օգտագործել իւրաքանչիւր գրավոր պատգամը առանց հեղինակի թույլատվություն ստանալով։ Խնդրում ենք սեղմել այստեղ, տեղեկանալու թէ ինչպես կարելի է ամսական նիւթականով օգտակար գտնվել այս հիանալի աշխատանքին, տարածելու Աւետարանի Բարի Լուրը բոլոր աշխարհին։

Կ՛խնդրենք, երբ Դկ. Հայմերզին կ՛գրեք, անպայման նշել որ երկրում էք ապրում, այլապես նա չի կարողանա ձեզ պատասխանել։ Դկ. Հայմերզի էլէկտրոնիկ հասցեն է rlhymersjr@sbcglobal.net։




ՔՐԻՍՏՈՍԻ ՅԱՂԹԱՆԱԿԻ ԱՂԲԻՒՐԸ

(ԵՍԱՅԻ ԹԻՒ 53 ՔԱՐՈԶ ԹԻՒ 14 –Ի ՄԱՍԻՆ)
THE SOURCE OF CHRIST’S GLORY
(SERMON NUMBER 14 ON ISAIAH 53)
(Armenian)

Dr. R. L. Hymers, Jr.

Քարոզ մը տրուեցաւ Los Angeles, Baptist Tabernacle-ի մէջ
Տիրոջ Օրուան Առաւոտուն Ապրիլ 21, 2013-ին
A sermon preached at the Baptist Tabernacle of Los Angeles
Lord’s Day Morning, April 21, 2013

«Անոր համար մեծերուն հետ բաժին պիտի տամ ՝ անոր, Եւ Հզօրներուն հետ աւարէն բաժին պիտի առնէ, Քանզի իր անձը մահուան մատնեց, եւ յանձաւաորներուն հետ սեպուեցաւ, Ե շատերուն մեղքը վերցուց, Ու յանձաւորներուն համար միջնորդութիւն ըրաւ:» (Եսայի 53:12).


John Trapp Մաքրակրօն (Puritan) քարոզիչ մըն էր, որ ապրեցաւ 17-րդ դարուն (1601-1669): Իր մասին կ'ըսէին թէ ան շատ ժրաջան եւ հիանալի քարոզիջ մը եղած է: (Ան) «համբաւոր է եղած ամբողջ Աւետարանի մեկնաբանութեան մէջ, ուր օրինակ կուտար մեզի, թէ Աւետարանի Մաքրակրօն (Puritan) ուսումնասիրութիւնը լաւագոյնն է. Ինչ որ կը յատկանշնուի անսովոր զուարդախօսութեամբ եւ խորունկ գիտութեամբ» ” (Elgin S. Moyer, Ph.D., Who Was Who in Church History, Keats Publishing, 1974, p. 410). Trapp-ի մեկնաբանութիւնը լաւագոյնս յանձնարարուած է Spurgeon-ի կողմէ: Եսայիի յիսունը երրորդ գլխուն կապակցութեամբ, Trapp-ի ըսաւ.

Հոս ամէն մէկ բառ ունի իր կշիռը, եւ շատ հաւանական է որ առաքեալներն ու աւետարանիստները փրկութեան խորհուրդի նկարագրութեան մէջ, մեծ յարգանք ցոյց կու տան Եսայիի լրիւ այս գլուխին... (chapter) հանդէպ: Եւ պէտք է որ այդ առաքեալը երբ կը գրէ այս բաները, օժտուած եղած ըլլար հոգիով, որովհետեւ հոն, ան իր ամբողջ խոնարհութեամբ ընդառաջ գնաց Տէր Յիսուս Քրիստոսի, մինչ Հին Կտակարանի (գրողներ) ներշնջուեցան Նոր (Կտակարանի) լոյսով. (John Trapp, A Commentary on the Old and New Testaments, Transki Publications, 1997, volume III, page 410).

Անշուշտ, այս առաւոտ յօդուածը «լույս կը սփռէ» եւ կը խորացնէ մեր հասկացողութիւնը Նոր Կտակարանէն մեր կատարած ընթերցածին վրայ: Նոր Կտակարանը, Փոխանակ բացատրելու Եսայի 53-ը, տարբեր ձեւերով՝ Եսայի 53-ը որ կ'օգնէ բացատրելու Նոր Կտակարանը, մեծապէս անսովոր է:

Dr. Jack Warren ըսաւ մեր յօդուածին մասին . «Այս վերջին համարը (Եսայիի) կը կատարէ շահեկան նշում մը, որ կը պատուէ Փրկիչը, Քանզի իր անձը մահուան մատնեց, եւ յանձաւաորներու նհետ սեպուեցաւ», (Jack Warren, D.D., Redemption in Isaiah 53, Baptist Evangel Publications, 2004, p. 31).

«Անոր համար մեծերուն հետ բաժին պիտի տամ ՝ անոր, Եւ Հզօրներուն հետ աւարէն բաժին պիտի առնէ, Քանզի իր անձը մահուան մատնեց, եւ յանձաւաորներուն հետ սեպուեցաւ, Եւ շատերուն մեղքը վերցուց, «Ու յանձաւորներուն համար միջնորդութիւն ըրաւ:» (Եսայի 53:12).

Այժմ, այս առաւօտ , Քրիստոս կ'ուրախանայ Իր Հօր Իրեն տուած վարձատրութեամբ–«Ուստի «Ան իրաւունք ստացաւ մեծերուն հետ աւարէն բաժին առնլ»: Ոչ ոք Երկինքի մէջ կ'արհամարհէ կամ կը մերժէ Քրիստոսը: Երկինքի բոլոր հիւրերը կը պաշտեն Զինք Իր գահին վրայ: Ամբողջ փառքը (glory) կը ցուցադրուի Իր շուրջ, Գահին վրայ, Իր Հօր աջին նստած: Ի՞նչ ըրաւ Քրիստոս արժանանալու համար այդ պատուին եւ փառքին: Ի՞նչ ըրաւ Քրիստոս, արժանանալու համար փառքի: Ինչու՞ Ան իրաւունք ստացաւ մեծերուն հետ աւարէն բաժին առնլ, եւ աւարը բաժնուիլ հզօրներուն հետ: Պատասխանն այն է, որ Ան չորս բաներ ըրաւ:

I. Առաջին, Ան անձը մահուան մատնեց:

“Քանզի իր անձը մահուան մատնեց, …” (Եսայի 53:12).

Քրիստոս ատիկա ըրաւ կանխամտածուած կերմով: Ան անիկա ըրաւ մտածելով եւ մտատանչութեամբ եւ ոչ թէ յանկարծակի զգացական մղումով: Կանխամտածուած կերպով Ան Իր անձը կամաց կամաց մահուան դատապարտեց , մինչեւ սպառեցաւ եւ ըսաւ,

«Ամէն բան կատարուեցաւ եւ գլուխը ծռելով՝ հոգին աւանդեց» (Յովհաննու 19:30).

Յիշեցէք, որ Քրիստոս ասիկա կամաւորապէս: Ան ըսաւ.

«Ես իմ կեանքս կը դնեմ ... մէկը չհաներ զանիկա ինծմէ հապա ես կը դնեմ զանիկա ինքնիրմէս» (Յովհաննու 10:17).

Անիկա կարեւոր կէտ մըն է:. Մենք պէտք է հասկնանք, որ Յիսուս չմեռաւ արկածով: Ան կանխամտուածօրէ'ն գնաց Իր մահուան: Ան “Քանզի իր անձը մահուան մատնեց, …” Խաչի վրայ, ոչ որովհետեւ Պէտն ունէր այդպէս ընելու, այլ՝ ձեր եւ իմ սիրոյն համար-բոլոր անոնց համար, որոնք վստահեցան Իրեն:

Վստահեցէք Իրեն, ապա, մի նայիք ետեւ: Ամբողջ հոգուով վստահեցէք Իրեն, անգամ եթէ Ան մահուամբ վերջ տուաւ իր քեանքին, քեզի համար: Եկուր եւ հանգստացիր Քրիստոսի մէջ, եւ դուն պիտի տետնես թէ ինչու՞ Ան թագադրուեցաւ պատուով եւ փառքով: Ան պատուոյ արժանացաւ, որովհետեւ Ան

«մեղքի համար մէկ անգամ չարչարուեցաւ, Արդարը՝ անարդարներուն վրայ, որպէսզի մեզ Աստուծոյ մօտեցնէ» (I Պետրոսի 3:18).

Իր մահը Խաչի վրայ, որ Զինք անքայն ամօթի ձգեց, ներկայիս Իրեն բերաւ այնքան պատիւ եւ փաառք, որ հիմա «մեծերուն հետ բաժին մը առաւ»՝ եւ «հզօրներուն հետ աւարը բաժնուեցաւ: Ասիկա, Աստուած տուաւ «իրեն» «հեթանոսները իբրեւ աւար եւ աւրելու համար սատանայի կորովը» եւ ասիկա պիտի ստանայ ան որպէս պարգեւ, փոխան իր անարգ (ամօթալի) մահուան» (Trapp, ibid.).

«Եւ իշխանութինները ու պետութինները մերկացուց ու յայտնապէս խայտառակեց ՝ յաղթելով անոնց, անով» (Կողոսացիս 2:15).

“Մահուան Իշխանութինները» Երգեցէ'ք:

Բայց Քրիստոսի խումբեըը ցրուեցան:
Թող տուէք իրենց սուրբ ուրախութիւնը ժայթքի. Ալէլույա'
Ալէլույա' Ալէլույա' Ալէլույա'
   (“The Strife is O’er” թարգմանեց՝ Francis Pott, 1832-1909).

Իրեն պատիւ եւ փառք տրուեցաւ որովհետեւ, “Ան իր անձը մահուան մատնեց, փրկելու համար մեղաւորները Եկուր եւ փոլորանուէր վստահէ' Անոր: Եկուր եւ վստահէ' Անոր հիմա':

II. Երկրորդ՝ Ան յանձաւորներուն հետ սեպուեցաւ.

«Անոր համար մեծերուն հետ բաժին պիտի տամ ՝ անոր, Եւ Հզօրներուն հետ աւարէն բաժին պիտի առնէ, Քանզի իր անձը մահուան մատնեց, եւ յանձաւաորներուն հետ սեպուեցաւ, Եւ շատերուն մեղքը վերցուց, Ու յանձաւորներուն համար միջնորդութիւն ըրաւ:» (Եսայի 53:12).

Քրիստոս մեղաւորներուն մէջ առաւ իր տեղը: Իր երկրային ամբողջ քարոզչութեան ընթացքին, ան ընկերակցեցաւ մեղաւոր մարդոց հետ: Ատիկա գլխաւոր գանգատներէն մին էր Փարիսեցիներուն: Ծաղրանքով, Զինք անուանեցին

« մաքսաւորներու եւ մեղաւորներու բարեկամ» (Ղուկասի 7:34).

Եւ, խաչին վրայ իր մահուան մէջ, Ան խաչուեցաւ երկու ոճրագործներու միջեւ:

«Եւ, խաչին վրայ իր մահուան մէջ, Ան խաչուեցաւ երկու ոճրագործներու միջեւ: » (Եսայի 53:12 )

Այդ է որ, Ան «համարուեցաւ (Զօրաւորներու հետ:)» «Ոչ անոր համար որ Ինք պարտազանց մըն էր», բայց երբ պիտի խաչէին Զինք, Իրեն հետ վերաբերուեցան ինչպէս աւազակի: (Jamieson, Fausset and Brown, volume 2, p. 733).

«Ու անոր հետ երկու աւազակ խաչը հանեցին. Մէկը անոր աջ կողմէն ու մէկը ձախ կողմէն: Եւ կատարուեցաւ այն գիրը որ կ'ըսէթէ Անօրէններու հետ սեպուեցաւ:» (Մարկոսի 15:27-28).

Dr. Young ըսաւ. “Ասոնք պարզապէս մեղաւորներ չէին, այլ՝ մերօրեայ ոճրագործներ» (Edward J. Young, Ph.D., The Book of Isaiah, 1972, volume 3, p. 359). Անոնք «անօրէններ» էին» Յունարէն բառը “anomos,” է, որ կը նշանակէ մէկը, որ աչքառու կերպով կ'արհամարհէ օրէնքը (Vine) Անով, Քրիստոս դասուած էր ամենէ վատ տեսակի մեղաւորներէն: Anna Waterman’ի սիրելի երգը կ'ըսէ.

Երբ ձեր մէջէն ամենէ վատը փրկեց, Երբ փրկեց եղկելի մը ինծի նման.
   Եւ ես գիտեմ, այո գիտեմ, Քրիստոսի արիւնը կրնայ ամենէ վատ մեղաւոր մը մաքրել
Եւ ես գիտեմ, այո գիտեմ, Քրիստոսի արիւնը կրնայ ամենէ վատ մեղաւոր մը մաքրել.
   ( “Yes, I Know!” by Anna W. Waterman, 1920).

Luke’ի Gospel կ'ըսէ մեզի թէ երկու աւազակներէն մէկը հաւատաց Քրիստոսի եւ փրկուեցաւ (Ղուկասի 23:39-43). Dr. John R. Rice ըսաւ, “Աւազակին մէկը փրկուեցաւ որպէսզի վատագոյն մեղաւորը չյուսահատի ...:» (John R. Rice., D.D., The King of the Jews, Sword of the Lord, 1980 reprint, p. 475). Dr. McGee կ'ըսէ,

Ի՞նչն եր տարբերութիւնը երկու [աւազակներու] միջեւ: Ոչ մէկ – երկուքն ալ գողեր էին: Տարբերութիւնը կը գտնուէր այն իրողութեսն մէջ երկուքէն մէկը հաւատած Յիսուս Քրիստոսի եւ մէկը՝ ոչ: (J. Vernon McGee, Th.D., Thru the Bible, Thomas Nelson, 1983, volume IV, p. 354).

«Ան անօրէններու հետ դասուեցաւ» Ասիկա ցոյց կու տայ որ Յիսուս կամաւոր կերպով Ինքզինք դրաւ վատագոյն մեղաւորի տեղ: Մեղաւորները կրնան փրկուիլ որովհետեւ Ան դասուեցաւ անոնց հետ: Բայց դուն պէտք է հաւատաս որ փրկուիս: Քրիստոս այժմ կը պատուուի որովհետեւ խոնարհեցաւ կենալու համար մեղաւորնու շարքին մէջ, եւ Ինքնիր վրայ կրելու անոնց մեղքերը, կարելի դարձնելու համար անոնց փրկութիւնը:

Ան պատուուեցաւ որովհետեւ «Ան դասուեցաւ անոնց հետ:» Ան պատուուեցաւ որովհետեւ Ան դասուեցաւ օրինազանցներուն հետ: “Yes, I Know!” Կ'երգէ երգչախո'ւմբը:

Եւ ես գիտեմ, այո գիտեմ, Քրիստոսի արիւնը կրնայ ամենէ վատ մեղաւոր մը մաքրել
Եւ ես գիտեմ, այո գիտեմ, Քրիստոսի արիւնը կրնայ ամենէ վատ մեղաւոր մը մաքրել.
   (“Yes, I Know!” by Anna W. Waterman, 1920).

III. Երրորդ՝ Ան կռեց շատերուն մեղքը

Ոտքի ելլենք եւ բարձրաձայնոր կարդանք «շատերու մեղքը» համարը, որ կը վերջանայ, «շատերուն մեղքը» “sin of many” բառերով

«Անոր համար մեծերուն հետ բաժին պիտի տամ անոր, Եւ Հզօրներուն հետ աւարէն բաժին պիտի առնէ, Քանզի իր անձը մահուան մատնեց, եւ յանձաւաորներուն հետ սեպուեցաւ, Եւ շատերուն մեղքը վերցուց:» (Եսայի 53:12).

Կրնաք նստիլ:

«Ան շատերուն մեղքը վերցուց:» Ինչպէս Պետոս Առաքեալ դիտել տուււաւ.

«Որ մեր մեղքերը իր մարմնովը խաչափայտին վրայ վերցուց:» (I Պետրոսի 2:24).

Ասիկա փոխանորդութեամբ փրկութիւն է: Քրիստոս ձեր մեղքերը վերցուց «Իր մարմնին վրայ» դէպի խաչափայտ, Ան ձեր մեղքի պատիժը վճարեց, զանիկա Իր վրայ կրելով եւ մեռնելով քու փոխարէն: Առանց Յիսուս Քրիստոսի փոխանորդութեամբ մեռնելու՝ քաւութեան Աւետիս չկայ: Իր փոխանորդաբար մահը մեղաւորներուն համար շատ բարդ եւ էական է Աւետարանին համար: Spurgeon ըսաւ.

Հիմա, այս երեք բաները – որ հեռեց իր հոգին մինչեւ մահ, եւ կրեց մեղաւորներուն պատիժը՝ անիկա դասուած, եւ կեցած էր օրինազանցներու շարքին եւ ուստի մեղաւորներուն հետ կայնած էր քով - քովի. Եւ նաեւ, իրապէս կրած էր անոնց մեղքը, որ ... չէր անարգեր Զինք, որ կարող էր հեռացնել մարդիկը անարգող մեղքը – այս երեք բաները պատճառ են (որ) մեր Տէր Յիսուսի փառքին: Աստուած, այս երեք բաներուն վրայ, նաեւ մէկ բան աւելի ըրաւ. «այնպէս ըրաւ, որ Ան մեծերուն հետ բաժին առնէ Եւ Հզօրներուն հետ աւարէն բաժին վերցնէ: (C. H. Spurgeon, The Metropolitan Tabernacle Pulpit, Pilgrim Publications, 1975 reprint, volume XXXV, page 93).

«Այո, Ես գիտե'մ»: Կ'երգէ երգչախումբը՝

Եւ Ես գիտե'մ, Այո,Ես գիտե'մ, Յիսուսի արիւնը կը մաքրէ ամէնէ վատ մեղաւորի մեղքը;
Եւ Ես գիտե'մ, Այո,Ես գիտե'մ, Յիսուսի արիւնը կը մաքրէ ամէնէ վատ մեղաւորի մեղքը;

IV. Չորրորդ՝ Ան միջնորդեց օրինազանցերուն համար:

Յօդուածի կ'աւարտի երեք բառերով.

«եւ միջնորդեց օրինազանցներուն համար» (Եսայի 53:12).

Խաչին վրայ, Քրիստոս աղօթեց մեղաւորներուն համար, «միջնորդելով օրինազանցներուն», երբ Ան բացագանչեց.

“Հայր, ներէ անոնց. Քանզի չեն գիտեր ինչ կ'ընեն: » (Ղուկասու 23:34).

Ան աղօթեց մեղաւորներուն համար երբ, Ան կախուած էր Խաչին վրայ,

Տակաւին, անգամ այս պահուն, Յիսուս կ'աղօթէ մեղաւորներուն համար:

«Ինք միշտ կենդանի է անոնց համար բարեխօս ըլլալու (մեզի) համար: » (Հռովմէացիս 7:25).

Ան միջնորդեց մեղաւորներուն համար, մինչ Ինք կը մեռնէր Խաչին վրայ: Ան կը շարունակէ աղօթել մեղաւորներուն համար այսօր՝ նստած Հայր Աստուծոյ աջ կողմը, Երկինքի մէջ:

Նկատի ունեցէք այս չորս բաները որ Յիսուս ըրաւ՝ պատճառներն են, որ Ան կը փաառաւորուի Իր փառքին մէջ, Հօրը աջին նստած:. Եւ Քրիստոսի ներկայ փառքին բոլոր չորս պատճառները կապուած են Անոր ըրածին հետ, մեղաւորներուն փրկութեան համար:

« Եւ ըլլալով օրինակելի մարդ, ան խոնարհեցուց իր անձը, եւ հնազանդեցաւ մահուան, խաչին վրայ: Ուստի Աստուած բարձրօրէն գնահատեց զինք, եւ տուաւ իրեն անուն մը, որ բարձր է բոլոր անուններէն. Այդ անունը Յիսուս է, որուն առջեւ պիտի խոնարհի իւրաքանչիւր ծունկ ...որպէսզի ամէն լեզու պարտի խօստովանիլ, թէ Յիսուս Քրիստոս Տէրն է ի փառս Հայր Աստուծով Փառքին» (Փիլիպպեցիս 2:8-11).

Բայց նաեւ նկատի ունեցէք, որ Յիսուս, իր ամբողջ փրկութեան զօրութեամբ, պիտի չփրկէ բոլոր անոնց, որոնք կը մտածեն թէ կարիքը չունին փրկուելու. Ինչպէս Spurgeon դիտել կու տայ, թէ,

Եթէ (դուն) մեղք չունիս ան չկրնար մաքրել (քեզ) անկէ: Կարելի՞ է...: Դուք կրնաք շատ լաւ , յարգելի մարդիկ ըլլալ եւ բնաւ որեւէ սխալ բան չէք ըրած, ձեր ամբողջ կեանքին մէջ. ո՞վ է Յիսուս քեզի համար: Անշուշտ, դուն կ'երթաս քու ճամբովդ... եւ կը հոգաս ինքզինքիդ... Աւա՜ղ, խենթութիւն է... Եթէ դուք քննէք ձեր սիրտը, ձեր սիրտը նոյնքան լեցուն է որքան սեւ ծխնելոյզը, որ բնաւ մաքրուած չէ: (Ձեր) սրտերը լրիւ ապականած են: Ո՜հ, դուք կրնաք տեսնել զայն եւ թողուլ ձեր սխա'լ համոզումը: (Բայց) եթէ չեք ուզեր, Յիսուս բան մը չունի ձեզի ընելիք: Ան կ'ածանցէ իր փառքը մեղաւորներէն, ոչ՝ ինքնահաւան մարդոցմէ: Բայց, դուք յանձաւորներ, որ պիտի խոստովանիք ձեր յանձանքը, պէտք պարզապէս յիշէք, թէ այն չորս բաները որ ըրաւ Յիսուս, ըրաւ՝ կապի մէջ մնալով մեղաւորներու հետ, եւ որովհետեւ ըրաւ զանոնք, կապի մէջ մնալով մեղաւորներուն հետ, այսօր թակադրուեցաւ փառքով եւ պատուով եւ արքայավայելչութեամբ...: [Արդարեւ] ինչ սրտով [պիտի դիմեմ ձեզի] որ վստահիք Աստուծոյ Որդւոյն, որ մարմին դարձաւ, արիւն թափեց եւ մեռաւ մարդոց յանձանքի'ն համար: Եթէ վստահիք Անոր, ան պիտի չյուսահատեցնէ ձեզ, բայց պիտի փրկուիք, եւ պիտի փրկուիք միանքամայն եւ յաւիտեա'ն (Spurgeon, ibid., page 95).

Ամէ'ն: «Այո, Գիտեմ» Երգեցէք անգամ մը ե'ւս:

Եւ ես գիտեմ, այո գիտեմ, Քրիստոսի արիւնը կրնայ ամենէ վատ մեղաւոր մը մաքրել
Եւ ես գիտեմ, այո գիտեմ, Քրիստոսի արիւնը կրնայ ամենէ վատ մեղաւոր մը մաքրել.
   (“Yes, I Know!” by Anna W. Waterman, 1920).

Եքէ կը փափաքիք խօսիլ մեզի հետ Յիսուսով ձեր մեղքէրէ մաքրուելու մասին, հաճեցէք ոտքի ելլել ու երթալ հանդիսասրահի ետեւի մասը, հիմա'. Dr. Cagan ձեզ պիտի առաջնորդէ հանդարտ տեղ մը, ուր կրնանք խօսիլ: Շու'տ գացէք, մինչ՝ Mr. Griffith. կ'երգէ կրկին:

Եւ ես գիտեմ, այո գիտեմ, Քրիստոսի արիւնը կրնայ ամենէ վատ մեղաւոր մը մաքրել
Եւ ես գիտեմ, այո գիտեմ, Քրիստոսի արիւնը կրնայ ամենէ վատ մեղաւոր մը մաքրել.

.

Mr. Lee, հաճեցէք գալ եւ աղօթել անոնց համար, որոնք պատասխանեցին

(ՔԱՐՈԶԻՆ ԱՒԱՐՏԸ)
Դուք կրնաք Dr. Hymers-ի քարոզները կարդալ ամէն շաբաթ համացանցի
հետեւեալ կայքի վրայ. www.realconversion.com. Կտեցէք կոճակը “Sermon Manuscripts” վրայ:

You may email Dr. Hymers at rlhymersjr@sbcglobal.net, (Click Here) – or you may
write to him at P.O. Box 15308, Los Angeles, CA 90015. Or phone him at (818)352-0452.

Դուք կրնաք անգլերէն լեզուով` ե-մակով (email) կապուիլ Dr. Hymers-ի հետ
հետեւեալ. rlhymersjr@sbcglobal.net. Հածացանցով: Կրնաք գրել իրեն փոստով
հետեւեալ հասցէին. P.O. Box 15308, Los Angeles, CA 90015. Հեռաձայնել իրեն
հետեւեալ թիւին. (818) 352-0452:

Քարոզէն առաջ Dr. Kreighton L. Chan կարդաց. (Եսայի թիւ. 53:6-12)
Քարոզէն Առաջ Մեներգեց, Benjamin Kincaid Griffith.
“Yes, I Know!” (by Anna W. Waterman, 1920).


ՆԱԽԱԳԻԾ՝

ՔՐԻՍՏՈՍԻ ՅԱՂԹԱՆԱԿԻ ԱՂԲԻՒՐԸ

(ԵՍԱՅԻ ԹԻՒ 53 ՔԱՐՈԶ ԹԻՒ 14 –Ի ՄԱՍԻՆ)
THE SOURCE OF CHRIST’S GLORY
(SERMON NUMBER 14 ON ISAIAH 53)

«Անոր համար մեծերուն հետ բաժին պիտի տամ ՝ անոր, Եւ Հզօրներուն հետ աւարէն բաժին պիտի առնէ, Քանզի իր անձը մահուան մատնեց, եւ յանձաւաորներուն հետ սեպուեցաւ, Ե շատերուն մեղքը վերցուց, Ու յանձաւորներուն համար միջնորդութիւն ըրաւ:» (Եսայի 53:12).

I.   Առաջին, Ան անձը մահուան մատնեց:
Եսայի 53:12ա; Յովհաննու 19:30, 10:17; I Պետրոսի 3:18;
Սաղմոս 2:8; Կողոսացիս 2:15.

II.  Երկրորդ՝ Ան յանձաւորներուն հետ սեպուեցաւ:
Եսայի53:12b; Ղուկասու 7:34; Մարկոսի 15:27-28;
Ղուկասու23:39-43.

III. Երրորդ՝ Ան կռեց շատերուն մեղքը:
Եսայի 53:12գ; I Պետրոսի 2:24.

IV. Չորրորդ՝ Ան միջնորդեց օրինազանցերուն համար:
Ղուկասու 23:34; Հրիվմայեցիս 7:25; Փիլիպպեցիս 2:8-11.