Print Sermon

Այս կայքի նպատակն է տրամադրել անվճար գրված և վիդիոի առնված հատկապես Երրորդ Աշխարհում, որտեղ սահմանափակ աստվածաբանական ճեմարաներ կամ Սուրբ Գրային դպրոցներ կան։

Այս պատգամները հաղորդվում են 1,500,000 համակարգիչներին թե գրավոր և թե վիդէոների միջոցով և տարածվում 221-ից աւելի երկրների մեջ www.sermonsfortheworld.com հասցեով ամեն ամիս։ Հարիւրավոր անձինք դիտում են այս վիդեոները, YouTube-ի միջոցով, բայց շուտով քարոզները փոխադրվոլու են մեր կայքին։ Մեր կայքը սնվում է YouTube-ի միջոցով։ Այս քարոզները 46 լեզուներով թարգմանվում են ամեն ամիս և մոտ 120,000 համակարգիչների են տրվում։ Այս պատգամների համար հեղինակային իրավունք ստացված չեն և բոլոր քարոզիչները հնարավորություն ունեն օգտագործել իւրաքանչիւր գրավոր պատգամը առանց հեղինակի թույլատվություն ստանալով։ Խնդրում ենք սեղմել այստեղ, տեղեկանալու թէ ինչպես կարելի է ամսական նիւթականով օգտակար գտնվել այս հիանալի աշխատանքին, տարածելու Աւետարանի Բարի Լուրը բոլոր աշխարհին։

Կ՛խնդրենք, երբ Դկ. Հայմերզին կ՛գրեք, անպայման նշել որ երկրում էք ապրում, այլապես նա չի կարողանա ձեզ պատասխանել։ Դկ. Հայմերզի էլէկտրոնիկ հասցեն է rlhymersjr@sbcglobal.net։




ՔՐԻՍՏՈՍԻ ԹԱՂՄԱՆ ՊԱՐԱԴՈԿՍԱՅՆՈՒԹԻՒՆԸ

(ԵՍԱՅԻ 53-Ի ՄԱՍԻՆ ՔԱՐՈԶ ԹԻՒ 10)
THE PARADOX OF CHRIST’S BURIAL
(SERMON #10 ON ISAIAH 53)
(Armenian)

Dr. R. L. Hymers, Jr.

Քարոզ մը, որ տրուեցաւ Լոս Անճելըսի Baptist Tabernacle-ի մէջ
Ապրիլ 7, 2013-ի Տիրոջ Օրուան Երեկոյեան
A sermon preached at the Baptist Tabernacle of Los Angeles
Lord’s Day Evening, April 7, 2013

«Անոր գերեզմանը ամբարիշտներու հետ դրուեցաւ, Բայց երբ մեռաւ հարուստին հետ եղաւ: Քանզի անիկա անօրէնութիւն մը չգործեց Ու անոր բերնին մէջ նենգութիւն մը չգտնուեցաւ:» (Եսայի 53:9)


Քանի՞ քարոզ լսած եք Քրիստոսի թաղման մասին: Ես ոչ իսկ մէկ հատ լսած եմ, թէեւ 55 տարի է կը քարոզեմ եւ 59 տարի՝ եկեղեցւոյ մէջ: Անգամ չեմ յիշեր ընթերցած ըլլալս քարոզ մը Քրիստոսի թաղման վերաբերեալ: Ամէն պարագային, Իր թաղումը կարեւոր չէ: Իսկութեան մէջ ատիկա երկրորդ կէտն է Աւետարանին:

«Քրիստոս մեր մեղքերուն համար մեռաւ» (I Կորնթացիս 15:3)

Այս՝ առաջին կէտն է Աւետարանին:

«Եւ թաղուեցաւ» (I Կորնթացիս 15:4)

Այս՝ երկրորդ կէտն է Աւետարանին: Ի՞նչպէս կրնանք քարոզել Աւետարանը եթէ բնաւ չենք յիշատակած անոր երկրորդ կէտը: Բայց, այսօր կան փոքր թիւով քարոզներ, որոնք ամբողջովին կը կեդրոնանան առաջին կամ երկրորդ կէտին վրայ: Ատիկայ մեծ տկարութիւնն է արդի քարոզչութեան համար: Մենք պէտք է կեդրոնանանք Աւետարանին վրայ: Մենք աւելի յարգանքով պէտք է վերաբերինք Քրիստոսի հետ, եւ Իրեն եւ Իր ատոնիք աշխատանքին մեծ յարգանք ցուցաբերենք մեր քարոզչութեան մէջ:

Շատեր կը գանատին, որ վախ մը կայ որեւէ մեծ քարոզչութեան մէջ այսօր: Ամբողջովին համաձայն եմ: Շատ քիչ լաւ քարոզներ կան այսօր, շատ քիչ անշուշտ: Բայց ինչու՞ իրականութիւն է ասիկա: Որովհետեւ շատ քիչ քարոզչութիւն կը տրուի Աւետարանի մասին: Պատուելիներ «Քրիստոնէութիւն կ'ուսուցանեն, մոռացութեան մատնուող Աւետարանը քարոզելու փոխարէն», նոյնիսկ եթէ կորուստի մատնուած մարդիկ կը վխտան եկեղեցիներուն մէջ: «Բարոյական ուսուցումները» այսպէս կոչուած «Քրիստոնեաներ», երբեք չեն կրնար նկատուիլ մեծ քարոզչութիւն: Երբ Քրիստոս կեդրոնը չէ՝ քարոզչութիւնը չի կրնար իրապէս մեծ ըլլալ:

Աւետարանի գիտութիւնը շատ հեռու է Քրիստոսի մասին տուեալներու ծանօթութիւնէն: Իրաւ գիտութիւնը Աւետարանի՝ գիտութիւ'նն է Նոյնինքն Քրիստոսի մասին : Յիսուս ըսաւ.

«Այս է յաւիտենական կեանքը, որ ճանչնան քեզ միմիայն, ճշմարիտ Աստուածդ ու Յիսուս Քրիստոսը, որ դուն ղրկեցիր:» (Յովհաննու 17:3)

George Ricker Berry ըսաւ թէ այդ բառը որ թարգմանուած է «գիտնալ՝» այդ համարին մէջ, կը նշանակէ «գիտնալ ... փորձառութեամբ» (Յունարէն-Անգլերէն Նոր Կտակարան Lexicon): Ճշմարիտ քրիստոնեայ ըլլալու համար փորձառութեամբ պէտք է գիտնաս Քրիստոսը: Իսկական գիտութիւնը տուեալներու, պիտի չփրկէ քեզ: Դուն փորձառաբար պիտի գիտնաս Իր մահուան մասին, մեր մեղքերուն համար: Դուն փորձառաբար պիտի գիտնաս Իր թաղման մասին: Դուն փորձառաբար պիտի գիտնաս Իր յարութեան մասին: Այդ է ճամբան փրկութեան: Այդ է ճամբան յաւիտենական կեանքի: Եւ ասիկա յաւիտենական կեանք է, ե անոնք կրնան գիտնալ, որ անիկա միակ ճիշդ ճամբան է:

«Այս է յաւիտենական կեանքը, որ ճանչնան քեզ միմիայն, ճշմարիտ Աստուածդ ու Յիսուս Քրիստոսը, որ դուն ղրկեցիր:» (Յովհաննու 17:3)

Եթէ չես ունեցած այս փորձառութիւնը, կը յուամ դժուարացուցի կացութիւնդ: Հոն հարց չկայ մտածելու համար, որ դուն լաւ քրիստոնեայ մը չես, որովհետեւ կարգին փորձառութիւն չունիս դարձի գալու համար: Դուն տագնապներ պիտի ունենաս եւ տառապիս մինչեւ որ միտքդ փոխես, իյնաս Յիսուսի ոտքերուն առաջ եւ գտնես ճշմարիտ փրկութիւնը Իր մէջ միայն:

Ճանչնալու համար Քրիստոսը, պիտի երթաս դէպի Խաչը, եւ հաւատքով նայիս Անոր, որ խաչուած էր հատուցելու համար մեր մեղքերը: Նաեւ, դուն պէտք է հաւատքով իջնես Քրիստոսի գերեզմանը եւ,

«Անոր հետ թաղուեցանք մկրտութիւնով մահուան համար» (Հռովմայեցիս 6:4a)

Անոր հետ մեռնելով է որ մենք պիտի արթննանք «կեանի նորոգութեան մէջ պտըտելու համար» (Հռովմայեցիս 6:4b)

Արդարեւ կը վերադառնանք մեր յօդուածին սորվելու համար Իր թաղման մասին, ուստի կրնանք այդ մասին փորձառութիւն ունենալ Իրեն հետ:

«Անոր գերեզմանը ամբարիշտներու հետ դրուեցաւ, Բայց երբ մեռաւ, հարուստին հետ եղաւ: Քանզի անիկա անօրէնութիւն մը չգործեց Ու անոր բերնին մէջ նենգութիւն մը չգտնուեցաւ:» (Եսայի 53:9)

Մենք այս համարին մէջ կը գտնենք պարադոկսը Քրիստոսի թաղման կապակցութեամբ, տեսանելի հակասութիւնը, անոր հանելուկը: Եւ ապա կը գտնենք հանելուկին պատասխանը..

I. Իր թաղման պարադոկսը

«Անոր գերեզմանը ամբարիշտներու հետ դրուեցաւ, Բայց երբ մեռաւ, հարուստին հետ եղաւ: (Եսայի 53:9)

Քրիստոսի ապրած ժամանակաշրջանին, «տկարները» ոճրագորներն էին: «Հարուստ»ը պատուուողները նկատուսծ էին: Ի՞նչպէս կրնար ըլլալ որ Իր գերեզմանը աղքատներուն հետ ըլլար եւ միեւնոյն ժամանակ հարուստներուն հետ ըլլար, իր մահէն ետք: Ասիկա շփոթեցուց վաղեմի Հրեայ մեկնաբանները: Պարադոկս մը կար, խաբուսիկ հակասութիւն մը-իրենց մտքին մէջ:

Բայց այս հանելուկը լուծուեցաւ Յովհաննու Աւետարանին մէջ: Յիսուս մեռաւ խաչի մը վրայ երկու աւազակներու միջեւ, մէկը՝ Իր աջ կողմը, միւսը՝ Իր ձախ կողմը: Անոնք մեր յօդուածին մէջ «տկարներներն» են: Նախ՝ Յիսուս մեռաւ, երբ երկու աւազակները, ժամանակ մը, ողջ մնացին.

«Հրեանները, որովհետեւ ուրբաթ օր էր, որ չըլլայ թէ այդ մարմինները խաչին վրայ մնան մինչեւ շաբաթ օրը, վասն զի այն շաբաթը մեծ օր էր, Պիղատոսի աղաչեցին, որ անոնց սրունքները կոտրտեն ու վերցուին» (Յովհաննու 19-31):

Զինուորները կոտրտեցին սրունկները երկու աւազակներուն, որոնք շուտով պիտի մեռնէին: Բայց, երբ եկան Յիսուսին, կեդրոնի խաչէն կախուած, Ան արդէն մեռած էր: Անոնցմէ մէկը նիզակով ծակեց կողը, վստահ ըլլալու համար, որ Ան մեռած է: Ջուրն ու արիւնը արտահոսեցին, ցոյց տալով, որ Ան մեռած էր սրտի կենալով:

Ան մեռաւ խաչի վրայ Գողգռթայի վերեւ.
   Համրեց մեղաւորները բոլոր, ընդունեցաւ բայց կորսնցուց,
Եւ Ան հոգած Իր թագաւորութիւնը Խաչին վրայ:
   Անհարթ խաչ մը դարձաւ իր գահը:
Իր թագաւորութիւնը սրտերու մէջ էր առանձին.
   Ան Իր սէրը գրեց մութ կարմիրով ,
Իր գլխուն հագած փուշէ պսակ:
   (“A Crown of Thorns” by Ira F. Stanphill, 1914-1993):

Բայց յետոյ բան մը պատահեցաւ անսպասելիօրէն: Երկու կարեւոր մարդեր առջեւ եկան պահանջելու համար Յիսուսի մարմինը: Անոնք էին, Joseph Arimathaea, հարուստ մարդ մը եւ Հրէական Sanhedrin-ի անդամ մը եւ Nicodemus Հրեաներու կառավարիչ մը, որ գիշերը կանուխէն Յիսուսին եկաւ (Յովհաննու 3:1-2): Անոնք գաղտնի երկու աշակերներէն էին, բայց այժմ կը բացայատուէին առաջին անգամ ըլլալով: Անոնք, իրենց կեանքը կը վտանգէին այդ ընելով: Dr. McGee ըսաւ.

Քննադատականօրէն չմօտենանք այս մարդոց: Անոնք գաղտնի կը մնային, բայց, հիմա որ Տէրը բոլորը ցրուեց բոլորը ոչխարներու նման եւ գացին գաղտնաբար, այս երկու մարդիկը բացայտնուեցան (J. Vernon McGee, Th.D., Thru the Bible, Thomas Nelson, 1983, volume IV, p. 494).

Joseph Arimathaea եւ Nicodemus, առին Յիսուսին մարմինը: Joseph հարուստ մարդ էր եւ Յիսուսին մարմինը դրաւ իր նոր գերեզմանին մէջ.

«զոր քարէփորած էր եւ գերեզմանին դուռը մեծ քար մը գլորելով գնաց» (Մաթէոսի 27-60)

Ասիկա բացատրեց պարադոկսը Քրիստոսի թաղման մասին: Այո, Ան թաղուեցաւ աղքատներու գերեզմանը, Խաչի վրայ երկու աւազակներու միջեւ Իր մահէն ետք: Բայց Ան թաղուեցաւ «հարուստին հետ, Իր մահէն ետք, (Եսայի 53:9) հարուստ մարդու մը գերեզմանին մէջ: Քրիստոս մեռաւ անբարիշտի պէս, բայց իրեն տրուեցաւ պատուաւոր թաղում, հարուստի մը կողմէ: Ասիկա ցոյց կու տայ, որ մեր Տիրոջ նուաստացումը վերջ կը գտնէր: Իր Մարմինը չնետուեցաւ հասարակած փոսին մէջ այդ երկու աւազակներուն հետ: Ան արժանաւորապէս յարգանքով եւ պատուով ննջեց հարուստ եւ պատուական մարդու մը գերեզմանին մէջ: Եւ ասով, պարադոկսը, որ ծէր ռաբբիներուն հանելուկը դարձած էր, լուծուած էր:

«Անոր գերեզմանը ամբարիշտներու հետ դրուեցաւ, Բայց երբ մեռաւ հարուստին հետ եղաւ» (Եսայի 53:9)

Բայց կար ուրիշ պատճառ մը, թէ ինչու՞ Քրիստոս Իր գերեզմանը ամբարիշտին հետ եւ Հարուստին հետ դրաւ, երբ մեռաւ: Ինչպէս ըսի, Հրեայ ժողովուրդը այնպէս կը մտածէր, որ ոճրագործները եւ օրէնքը խաղդողները «ամբարիշտներ» են, եւ կը մտածէր թէ հարուստները պատուաւոր մարդիկ էին: Այն իրողութիւնը, որ Յիսուս «իր գերեզմանը ըրաւ» այդ երկու խումբերուն հետ, ցոյց կու տայ, որ հին հրեաները կը սխալէին «ամբարիշտը» եւ «հարուստը» իրարմէ բաժներով: Անոնք երկու խումբեր չէին, բնա'ւ: Երկու խումբերն ալ մեղաւորներ էին:

Եւ անիկա այօր ալ իրողութիւն է: Պատուաւոր մարդիկ մեղաւորներ են հաւասարապէս նման անոնց, որոնք «ամբարիշտներ» կը կոչուին: Երբ նստայ որ գրեմ քարոզիս այս բաժինը, հեռաձայն մը ստացայ, որ նիւթական օժանդակութիւն կը խնդրէր «պահպանողական» քահանայութեան մը համար: Հեռաձայնողը ըսաւ, «Ո՞րն է հետեւեալներէն այն, որ դուք կը մտածէք թէ կարեւորագոյն խնդիրն է, զոր Ամերիկա կը դիմագրաւէ – Վիժումը՞, Իսրայէլի օգնութեան ձախողութի՞ւնը, կամ միասեռականներու ամուսնութի՞ւնը»: Ես ըսի, «ո'չ մէկը անոնցմէ: Կարեւորագոյն խնդիրը, զոր Ամերիկա կը դիմագրաւէ, այն իրողութիւնն է, որ մեր քահանաները չեն քարոզեր իրենց եկեղեցւոյ անդամներուն, մեղքի մասին»: Ի՞նչ ըսել ուզեցի: Ըսել ուզեցի թէ, վիժումը, միասերականներու ամունութիւնը եւ Իսրայէլի օգնութեան ձախողութիւնը հոմանիշներ են, որոնք ոչ թէ ժամանակակից հիւանդութիւններ, այլ պարզապէս հիւանդութիւններու ախտանշաններ են: Կրնաք աշխատիլ՝ այդ ախտանշանները բուժելու վրայ, բայց անիկա վերջնական ոչ մէկ լաւ արդիւնք կու տայ, բացի եթէ աշխատիք ընդգծուած հիւանդութիւններու վրայ: Եւ հիւանդութիւնը մեղանչում է – մեղանչում՝ որ կ'սպաննէ երկու'քն ալ, ազատականն ու պահպանողականը, մեղանչում՝ որ կը կործանէ Դեմոկրատը եւ Հանրապետականը, երկու'քն ալ. մեղանչում՝ որ կ'անիծէ «ամբարիշտն» ու «հարուստը», երկու'քն ալ:

Մեղքը՝ սրտի մէջ է: Մարդու սիրտը սխալական է: Մեղքը կը հակակշռէ անոր մտածումները եւ ցանկութիւնները: Ձեր մեղաւոր սիրտը կը թելադրէ ձեզի մտածել բաներու մասին, որոնք սխալ են: Ապա ձեր մեղաւոր բնութիւնը ձեզ կ'առաջնորդէ ըմբոստանալու Աստուծոյ դէմ եւ մեղք գործել, որուն մասին կը մտածէիք: Մեղքը կ'իշխէ ձեր ներքին կեանքին վրայ եւ կ'առաջնորդէ ձեզ ըմբոստանալու իշխանութեան դէմ, ըմբոստանալու Աստուծոյ դէմ: Աստոծոյ դէմ ըմբոստանալը անյքան ուժեղ է, զոր չես կրնար առաջքն առնել ինչ ալ ընելու ըլլաք, կամ արգիլել անոր որ իշխէ ձեր վրայ: Դուք պէտք է գագ այն վայրը, ուր Առաքեալին հետ ըսէք. «Ինչ խղճալի մարդ եմ ես: Ո՞վ պիտի ազատէ զիս այս մահացու մարմնէն» Հռովմէացիս (7:24): Միայն այն ատեն հասկնաս կարեւորութիւնը Յիսուսին «որ Իր գերեզմանը ամբարիշտին հետ եւ հարուստին հետ ըրաւ» -«իր մահէն ետք): Ինչ անցեալ ալ ունենաս, Քրիստոս մեռաւ եւ թաղուեցաւ, որ քու մեղքերդ ներուին եւ հեացուին : Ինչպէս Dr. J. Wilbur Chapman, իր օրհներգներէն մեկուն մէջ կ'ըսէ, «Թաղուած, Ան մեղքերս հեռացուց ինծմէ» (“One Day” By Dr. J. Wilbur Chapman, 1859-1918 ). Միայն Քրիստո'ս կրնայ ներել մեղքերդ: Միայն Քրիստո'ս կրնայ Փոխել քու մեղաւոր ըմբոստ սիրտդ:

«Եւ ան իր գերեզմանը ըրաւ» «ամբարիշտին» հետ, եւ «հարուստին հետ իր մահէն ետք»: (Եսայի 53:9)

II. Երկրորդ, պարադոկսը բացատրուեցաւ:

Մեր յօդուածի երկրորդ կիսուն ցոյց կը տրուի թէ ինչու՞ Յիսուս մտածեց աւազակներուն հետ անպատուութեամբ մեռնիլ եւ թաղուիլ պատուով եւ յարգանքով: Հաճեցէք ոտքի կենալ եւ կարդալ երկրորդ կէսը, որ կ'սկսի հետեւեալ բառերով, «Քանզի անիկա անօրէնութիւն չգործեց» (Եսայի 53:9)

««Եւ ան իր գերեզմանը ըրաւ» «ամբարիշտին» հետ, եւ «հարուստին հետ իր մահէն ետք», Քանզի անիկա անօրէնութիւն մը չգործեց, Ու անոր բերնին մէջ նենգութիւն մը չգտնուեցաւ:» (Եսայի 53:9)

Կրնաք նստիլ:

Այս ցոյց կուտայ Քրիստոսի պատուաւոր թաղումը: Այս պատիւը տրուեցաւ Իրեն որովհետեւ բռնութիւն չըրաւ, կամ չարիք չհասցուց որեւէ մէկուն: Ան յանցաւոր չեղաւ բռնութիւն կամ աւազակութիւն, սպանութիւն կամ որեւէ ձեւի անգթութիւն գործելով: Ան ոչ մէկ ամբոխ խառնշտկեց, կամ խռովութիւն ստեղծեց, ըլլայ Հրեայ կամ Հռովմէական կառավարութեան դէմ: Ոչ մէկ նենգութիւն կար իր բերնին մէջ: Ան երբեք չսորվեցուց սխալ վարդապետութիւն: Ան բնաւ մարդիկը չխաբեց, որ բացայատ ստախօսութիւն էր: Ան բնաւ, որեւէ մէկը չհեռացուց Աստուծոյ ճշմարիտ պաշտամունքէն: Ան միշտ բարձր պահեց եւ յարգեց Մովսէսի օրէնքը եւ մարգարէները: Ան թշնամին մը չէր անոնց կրօնքին կամ պետութեան: Անշուշտ, Ան որեւէ մեղքով յանձաւոր չէր: Պետրոս Առաքեալ ըսաւ թէ Քրիստոս ,

«մեղք չգործեց, բերնին մէջ նենգութիւն մը չգտնուեցաւ:» (Պետրոս 2:22)

Dr. Young ըսաւ, («Քրիստոս)» իր կատարեալ անմեղութեան պատճառաւ ունեցած էր պատուաբեր թաղում մը, իր վարկաբեկիչ մահէն ետք : (Այնուհետեւ) ան չի վերաբերուեցաւ իր ոճրագործ թշնամիներուն հետ, չունեցաւ անշնորհ թաղում անոնց հետ, այլ ունեցաւ պատուաբեր թաղում (մը), հարուստին հետ:»

Անիկա ինծի յիշել կու տայ Պրն. Winston Churchill-ը: Ան ընտրեց թաղուիլ իր հօր կողքին, Գաւարի մը մէկ եկեղեւոյ բակին մէջ, փոխանակ թաղուելու աւելի նուազ պատուաբեր նկատուած իր հօր եւ իր անձին թշնամիներուն քողքին, որոնք դաւաճանած էին Անգլիոյ դէմ եւ թաղուցան էին փառաւորաւոր արարողութիւններով Westminster Abbey-ի մէջ, հակառակ Hitler-ը եւ Nazi Վարչակարգը հանդարտեցնելու կոչուած իրենց դաւադրական գործունէութեան: Տակաւին, Churchill նորէն Քրիստոնեայ ծնած չէր, ան պատուաւոր մարդ մըն էր:

Յիսուս, անշուշտ, մեծագոյն մարդն էր, որ երբեւէ ապրած ըլլար: Այո, է'ր, եւ մա'րդ էր «Յիսուս Քրիստոս Մարդը» (Տիմէոթէոս Ա, 2:5): Անոր մեծութիւնը կը գտնուի այն տուեալի մէջ, որ Իր կեանքը զոհեց գիտակցաբար, եւ վճարէ մեր մեղքերուն համար Աստուծոյ՝ Հօրը կողքին: Կարճ պահ մ'առաջ Ան խաչուած էր, Յիսուս ըսաւ,

«Ասկէ աւելի մեծ սէր մէ'կը» չկրնար ունալ, որ մէկը իր կեանքը բարեկամներուն համար Դնէ» (Յովհաննու 15:13)

Անհարթ խաչ մը դարձաւ իր գահը:
   Իր թագաւորութիւնը սրտերու մէջ էր առանձին.
Ան Իր սէրը գրեց մութ կարմիրով ,
   Իր գլխուն հագած փուշէ պսակ:

Եւ հիմա, իմ բարեկամ, ի՞նչ պիտի ընես Յիսուս հետ, որ Քրիստոս կը կոչուի: C. S. Lewis կ'ըսէ. գոյութիւն ունի երկու կարելի պատասխան-«Կրնաք թքնել վրան եւ սպաննել Զինք ինչպէս սատանայի, կամ կ'իյնաք Անոր ոտքերուն եւ կանչել Զինք Տէր եւ Աստուած:» Ո՞ր մէկը կ'ընտրես: Միակ երրորդ ընտրութիւնը անտեսել է Զինք ամբողջապէս, եւ երթալ, կեանքդ շարունակել, որպէս թէ Իր ցաւը եւ տառապանքը ոչ մէկ նշանակութիւն ունին քեզի համար: Լրիւ կը ցաւիմ անոնց համար, որոնք նման անպատուութեամբ կը վերաբերին իրենց Փրկիչին հհտ: Կ'աղաջեմ մի ըլլաք այդպիսիներէն մին: Անոնք՝ անոնցմէ են զորս T. S. Eliot կ'անուանէ «Սնամէջ Մարդիկ» (Hollow Men)-մարդիկ, որոնք կ'ապրին միայն իրենց հաճոյքին համար: Այո, Կ'աղօթեմ որ չըլլաք այդպիսիներէն մին, որոնք խորը տեղ ունին դժողքին մէջ:

Չ'ըլլայ թէ մոռնամ Գողգոթան,
   Չ'ըլլայ թէ մոռնամ Իր հոգէվարքը,
Չ'ըլլայ թէ մոռնամ Իր սէրը իմ հանդէպ,
   Առաջնորդէ զիս դէպի Գողգոթա:
(“Lead Me to Calvary” by Jennie E. Hussey, 1874-1958):

Կ'աղօթեմ որ դուն Յիսուսին գաս, վստահիս Անոր ամբողջ սրտովդ եւ անցնիս մահէն դէպի կեանք ճշմարիտ Քրիստոնեայի դարձի-գալով :

Եկեք ոտքի ելլենք միասին: Եթէ կուզեք մեզի հետ խօսիլ Յիսուսով ձեր մեղքերէն մաքրուելու շուրջ, հաճեցէք երթալ դէպի այս սրահին ետեւի մասը, հիմա': Dr. Cagan-ը ձեզ պիտի առաջնորդէ հանդարտ սենեակ մը, ուր կրնանք խօսիլ: Mr. Lee, հաճիս գալ եւ աղօթել բոլոր անոնց համար, որոնք պատասխան տուին:

(ՔԱՐՈԶԻՆ ԱՒԱՐՏԸ)
Դուք կրնաք Dr. Hymers-ի քարոզները կարդալ ամէն շաբաթ համացանցի
հետեւեալ կայքի վրայ. www.realconversion.com. Կտեցէք կոճակը “Sermon Manuscripts” վրայ:

You may email Dr. Hymers at rlhymersjr@sbcglobal.net, (Click Here) – or you may
write to him at P.O. Box 15308, Los Angeles, CA 90015. Or phone him at (818)352-0452.

Դուք կրնաք անգլերէն լեզուով` ե-մակով (email) կապուիլ Dr. Hymers-ի հետ
հետեւեալ. rlhymersjr@sbcglobal.net. Հածացանցով: Կրնաք գրել իրեն փոստով
հետեւեալ հասցէին. P.O. Box 15308, Los Angeles, CA 90015. Հեռաձայնել իրեն
հետեւեալ թիւին. (818) 352-0452:

Բնագիրը Կարդալ Նախքան Dr. Kreighton L. Chan – ի Քարոզը (Եսայի 53:1-9):
Նախքան Քարոզը՝ Պիտի Մեներգէ Mr. Benjamin Kincaid Griffith.
«Փշէ Թագը » “A Crown of Thorns” (Ira F. Stanphill, 1914-1993)
«Առաջնորդէ Զիս Դէպի Գողգոթա» “Lead Me to Calvary” (Jennie E. Hussey, 1874-1958):


ՆԱԽԱԳԻԾ՝

ՔՐԻՍՏՈՍԻ ԹԱՂՄԱՆ ՊԱՐԱԴՈԿՍԱՅՆՈՒԹԻՒՆԸ

(ԵՍԱՅԻ 53-Ի ՄԱՍԻՆ ՔԱՐՈԶ ԹԻՒ 10)
THE PARADOX OF CHRIST’S BURIAL
(SERMON #10 ON ISAIAH 53)

Dr. R. L. Hymers, Jr.

«Անոր գերեզմանը ամբարիշտներու հետ դրուեցաւ, Բայց երբ մեռաւ հարուստին հետ եղաւ: Քանզի անիկա անօրէնութիւն մը չգործեց Ու անոր բերնին մէջ նենգութիւն մը չգտնուեցաւ:» (Եսայի 53:9)

(Կորնթացիս Ա. 15:3-4, Յովհաննու 17:3, Հռովմայեցիս 6:4)

I. Առաջին, Իր թաղման պարադոկսը, Եսայի 53:9 ա. Յովհաննու 19:31:
Մաթէոսի 27:60, Հռովմէացիս 7:24:

II. Երկրորդ, պարադոկսը բացատրուեցաւ: Եսայի 53:9բ., Պետրոս Ա. 2:22, Յովհաննու 15:13 Տիմոթէոս Ա.2:5, Յ ովհաննու: 15:13 :