Print Sermon

Այս կայքի նպատակն է տրամադրել անվճար գրված և վիդիոի առնված հատկապես Երրորդ Աշխարհում, որտեղ սահմանափակ աստվածաբանական ճեմարաներ կամ Սուրբ Գրային դպրոցներ կան։

Այս պատգամները հաղորդվում են 1,500,000 համակարգիչներին թե գրավոր և թե վիդէոների միջոցով և տարածվում 221-ից աւելի երկրների մեջ www.sermonsfortheworld.com հասցեով ամեն ամիս։ Հարիւրավոր անձինք դիտում են այս վիդեոները, YouTube-ի միջոցով, բայց շուտով քարոզները փոխադրվոլու են մեր կայքին։ Մեր կայքը սնվում է YouTube-ի միջոցով։ Այս քարոզները 46 լեզուներով թարգմանվում են ամեն ամիս և մոտ 120,000 համակարգիչների են տրվում։ Այս պատգամների համար հեղինակային իրավունք ստացված չեն և բոլոր քարոզիչները հնարավորություն ունեն օգտագործել իւրաքանչիւր գրավոր պատգամը առանց հեղինակի թույլատվություն ստանալով։ Խնդրում ենք սեղմել այստեղ, տեղեկանալու թէ ինչպես կարելի է ամսական նիւթականով օգտակար գտնվել այս հիանալի աշխատանքին, տարածելու Աւետարանի Բարի Լուրը բոլոր աշխարհին։

Կ՛խնդրենք, երբ Դկ. Հայմերզին կ՛գրեք, անպայման նշել որ երկրում էք ապրում, այլապես նա չի կարողանա ձեզ պատասխանել։ Դկ. Հայմերզի էլէկտրոնիկ հասցեն է rlhymersjr@sbcglobal.net։




ԸՆԴՀԱՆՐԱԿԱՆ ՄԵՂՔ, ԱՌԱՆՁՆԱՅԱՏՈՒԿ ՄԵՂՔ
ՄԵՂՔԻ ԴԱՐՄԱՆՈՒՄԸ

(ՔԱՐՈԶ ԹԻՒ 7 ԵՍԱՅԻ 53-Ի ՄԱՍԻՆ)
UNIVERSAL SIN, PARTICULAR SIN, AND THE CURE FOR SIN
(SERMON #7 ON ISAIAH 53)
(Armenian)

Dr. R. L. Hymers, Jr.

Քարոզ մը տրուեցաւ Los Angeles, Baptist Tabernacle-ի մէջ
Տիրոջ Օրուան Առաւոտուն Մարտ 24, 2013-ին:
A sermon preached at the Baptist Tabernacle of Los Angeles
Lord’s Day Morning, March 24, 2013

«Ամէնս ոչխարներու պէս մոլորեցանք: Ամէն մէկս իր ճամբան դարձաւ Եւ ՏԷրը մեր ամէնուն անօրէնոււթիւնը անոր վրայ դրաւ» (Եսայի 53:6)


Dr. Richard Land նախագահն է Southern Baptist Convention’s Ethics and Religious Liberty Commission-ի. Dr. Land գիտէ թէ մենք կ'ապրինք մշակոյթի մը մէջ, որ զարմանալիօրէն անտեղեակ է Քրիստոնէութեան հիմնական երոյթներէն: Ան ըսաւ.

Յօդուած մը կարդացի Time Magazine-ի մէջ կրօնքի բացակայութեան մասին ...Ամերիկայ: Զոյգ մը կու գան տեսնելու կղերական մը, եկեղեցական արարողութիւնէ ետք, եւ կ'ըսեն. «Մեր պատանի զաւակը կուզէ գիտնալ ո՞վ է այդ մարդը որ կախուած էր փլաս նշանի վրայ (plus sign): Անոնք չէին գիտեր որ ան Յիսուսն էր եւ չէին գիտեր որ անիկա խաչն մըն էր (“The Man on the Plus Sign”, World Magazine, Օգոստոս 1, 2009, էջ 24):

Զարհուրելի է որ շատեր շատ քիչ ծանօթ են թէ ո՞վ է Քրիստոս եւ ի՞նչ ըրաւ Ան: Այս իրողութեան պատճառն այն է, որ ընդհանրապէս եկեղեցիներէ ներս բաւարար չափով չի քարոզուիր Քրիստոսի Անձին մասին: Բայց դուք չէք կրնար երթալ մեր եկեղեցին, ուր անգամ մէկ կիրակի, չի լսէք, թէ Քրիստոս մեռաւ խաչի վրայ, մեղաւորներուն փոխարէն: Երբ Քրիստոս մեռաւ Խաչին վրայ՝ Ան իր վրայ առաւ մեր մեղքերը եւ փոխյատուցեց զանոնք:Ան իր Արիւնը թափեց Խաչին վրայ, մեր բոլոր մեղքերը մաքրելու համար: Spurgeon ըսաւ. «Կան կարգ մը քարոզիչներ, որոնք չեն քարոզեր Յիսուս Քրիստոսի Արեան մասին» եւ ես մէկ բան ունիմ ըսելիք ձեզի, ինչ կը վերաբերի անոնց մասին. բնաւ մտիկ մի' ընէք անոնց, բնաւ մի' լսէք անոնց: Քահանայ մը, որ արիւն չունի կեանքէ զուրկ է եւ մեռած քահանայ մըն է, ոչ մէկուն համար լաւ է»: (C. H. Spurgeon, “Freedom Through Christ’s Blood”, August 2, 1874): Այն գաղափարը թէ Քրիստոս մեր մեղքերը կրեց կրկին ու կրկին՝ կը տեսնուի Եսայիի յիսուն երեքերորդ գլխուն մէջ:

«Անիկա մեր ցաւերը վերցուց ու մեր վիշտերը իր վրայ առաւ» (Եսայի 53:4)

«Բայց անիկա մեր մեշքերուն համար վիրաւորուեցաւ, ան մեր անօրէութիւններուն համար ծեծուեցաւ:» (Եսայի 53:5)

«Եւ անոր վէրքերովը մենք բժշկուեցանք:» (Եսայի 53:5)

«Եւ Տէրը մեր ամէնուն անօրէնութիւնը անոր վրայ դրաւ:» (Եսայի 53:6)

«Անիկա իմ ժողովուրդիս յանցանքին համար զարնուեցաւ:» (Եսայի 53:8)

«Անոր անձը մեղքի համար զոհ ընելէդ ետք» (Եսայի 53:10)

«ցոյց տալ նրան լոյս եւ օժտել իմաստութեամբ, արդարացնել արդարին, որը յօժարակամ ծառայեց շատերին եւ իր վրայ է վերցնելու նրանց մեղքերը։» (Եսայի 53:11)

«Քանզի անոնց անօրէնութիւնների ինք պիտի կրէ»: (Եսայի 53:12)

Կրկին ու կրկին Եսայայ 53-ի մէջ մեզի ըսուած է, թէ Քրիստոս Ինք պիտի կրէ մեր յանցանքը, մեր տեղը պիտի տառապի մեր մեղքերուն համար, լրիւ պիտի վճարէ անոնց տուգանքը:

Բայց հիմա, մեր յօդուածին մէջ, նոր միտք մը կը յայտնուի. Մեզի տրուեցաւ պատճառը որ Քրիստոս պիտի տառապէր. ինչու՞ Քրիստոս,՝ չնայած, որ Ինքզինք անմեղ կը համարէ, պիտի կրէր մարդու յանձանքը:

« Ամէնս ոչխարներու պէս մոլորեցանք: Ամէն մէկս իր ճամբան դարձաւ, եւ Տէրը ամէնուն անօրինութինները անոր վրայ դրաւ: (Եսայի 53:6)

Յօդուածը բնականաբար կը բաղկանայ երեք կէտերէ:

I.Առաջին, ընդհանուր խօստովանանք մարդ արարածի մեղքին:

Մարգարէն ըսաւ.

«Ամէնքս ոչխարներու պէս մոլորեցանք:» (Եսայի 53:6)

Այստեղ մենք ունինք յստակ յայտարարութիւն մը մարդու ընդհանրական մեղքի մասին: «Ամէնս ոչխարներու պէս մոլորեցանք:» Պետրոս Առաքեալ յստակացուց երբ ըսաւ.+

«Հրէաները եւ հեթանոսները թէ ամէնը մեղքի տակ են: Ինչպէս գրուած է թէ Արդար մը չկայ եւ ոչ մէկ: Մէկը չկայ որ հասկնայ: Մէկը չկայ որ Աստուած փնտրէ» (Հռովմէացւոց 3: 9:11)

«Ամէնս ոչխարներու պէս մոլորեցանք,» մեզմէ իւրաքանչիւրը:

Նման ոչխարի, որ Աստուծոյ կոտրած որէնքի ցանկապատէն անդին, բոլորս գացինք մոլորած, մենք բոլորս հեռացանք Աստուծմէ: Պետրոս Առաքեալ ըսաւ. Յունարէնով գործածուած Պետրոս բառը կը նշանակէ.

«Ամէնս ոչխարներու պէս մոլորեցանք» (Պետրոս 2:25)

հեռու ապահովութենէ եւ ճշմարտութիւնէ. թափառիլ, խաբուիլ (Ուժքին): Անիկա ընդհանրական նկարագրութիւնն է մարդ արարածի, Սուրբ Գրոց մէջ:

«Ամէնս ոչխարներու պէս մոլորեցանք:» (Եսայի 53:6)

Մարդը կը բաղդատուի անասունի մը հետ, քանի որ մեղքը կը նուաստացնէ զինք, որ անասունի կը նմանի: Բայց մենք չենք բաղդատուիր խելացի անասունի մը հետ: Ոչ, մարդը կը բաղդատուի պարզամիտ ոչխարի մը հետ:

Դուք կ'ապրիք այս քաղաքի մէջ, ուստի դուք հաւանաբար շատ բան չէք գիտեր ոչխարի ապուշութիւններու մասին: Բայց Աւետարանի ժամանակակից ժողովուրդը շատ լաւ գիտեր թէ ինչքան ապուշ էին ոչխարները: Անոնք պէտք էր ուշադիր հսկողութան տակ ըլլային հովիւին ապա թէ ոչ պիտի մոլորին հեռուները

:

Ոչխարները մէկ բանի մէջ լաւ են – կը մոլորին: եթէ մէկ ծակ կայ ցանկապատին վրայ՝ ոչխարը պիտի գտնէ զայն, դուրս ելլելով անկէ պիտի մոլորի: Եւ տակաւին, անգամ մը որ ոչխարը դուրս ելլէ անկէ՝ կը բանտարկուի եւ երբէք ետ մտնելու փորձ չըներ: Ոչխարը կը թափառաշրջի հեռուները եւ հեռուները իր ապահով տեղէն: Եւ մարդը նոյնն է: Ան իմաստուն է սատանայութեան մէջ, բայց ապուշ է լաւութեան մէջ: Նման Argus-ի Յունական դիցաբանութաեան մէջ, մարդը հարիւր աջք ունի մեղքի փնտռտուքի մէջ բայց ան կոյր է որպէս Bartimaeus երբ Աստոծոյ փնկժտուքի կ'ելլէ: Պղոս Առաքեալ խօսեցաւընեհանրականմեշքի հիւանդութեան մասին երբ կ'ըսէ ան.

«Օր այն ատեն դուք առանց Քրիստոսի էիք, ու հեռացած էիք Իսրայէլի քաղաքացութենէն, եւ օտարացած՝ խոստմունմինուխտերէն , ու յոյս յոյս մըն ալ չունէիքեւ աշխարհի մէջ անաստուած էիք:» (Եփեսացիս 2:12)

«Որոնց իմացողութիւնը խաւառած էր, ու օտարացած են Աստուծոյ կեանքէն, իրենց մէջ եղող տգիտութեան պատճառաւ իրնց սրտին կուրութեան համար:» (Եփեսացիս 4:18)

Այս ոտանաւորները ցոյց կու տան մեզի որ մարդկային արարսծը մոլորած է Աստուծմէ ճանապարհին:

«Ամէնս ոչխարներու պէս մոլորեցանք:» (Եսայի 53:6)

Այստեղ, մեր յօդուածին մէջ, ամէն մարդ արարած մեղքի ընդհանուր խօստովանութիւն մը մէջ. Ան ցոյց կուտայ, որ մարդկային ցեղը Աստոծոյ ճանապարհէն հեռանալով ինկաւ սխալ կրօնքներու եւ սխալ դաւանանքներու մէջ, պաշտելով կուռքեր, սխալ աստուածներ եւ սխալ Քրիստոսներ, ««Որոնց իմացողութիւնը խաւառած էր, ու օտարացած են Աստուծոյ կեանքին, իրենց մէջ եղող տգիտութեան պատճառաւ, իրենց սրտին կուրութեան համար: (Եփեսացիս 4:18)

II. Երկրորդ. Առանձնայատուկ խօստովանանք իւրաքանչիւրի մեղքին համար:

Յօդուածը կը շարունակուի

«Ամէնքս ոչխարներու պէս մոլորեցանք:» «Ամէնքս ոչխարներու պէս մոլորեցանք:» Ամէն մէկս իր ճամբան դարձաւ» (Եսայի 53:6)

Մարդկային ցեղի մեղքի ընդհանուր խօստովանութեան ետին կեցած է անհատական խօստովանութիւն մը՝ իւրաքանչիւր անձի յատուկ մեղքը: «Մենք առաջնորդեցինք ամէն մէկը իր սեփական ճանապարհին:» Ոչ մէկը իր սեփական ընտրութեամբ Աստուծոյ ճամբուն դարձաւ: Ամէն անգամ ամէն անհատ ինք ընտրած է «իր սեփական ճամբան»: Ամէնէ ծանր մեղքը հոս կը գտնուի – ընտրել մեր սեփական ճամբան հակառակ Աստուծոյ կամքին: Մենք կ'ուզենք՝ վերահսկել մեր անձնական կեանքերուն: Մենք ուզեցինք հետեւիլ մեր սեփական ծրագիրներուն: Չ'ուզեցինք մենքզմեզ ենթակայ դարձնել Աստուծոյ: Չի վստահեցանք Քրիստոսի եւ հնազանդիլ Անոր իբրեւ մեր Իշխանը

Յօդուածը ցոյց կուտայ, որ իւրաքանչիւր անձ ունի իր սեփական մեղքը, «իր ուրոյն ճամբով»: Իւրաքանչիւր այր կամ կին՝ ունի իր սեփական գլխաւոր մեղքը որոշ տարբերութեամբ, ուրիշներու հետ բաղդատած: Երկու փոքրեր, որոնք ծնած եւ մեծցած են միեւնոյն ծնողներու կողմէ, պիտի ունենան տարբեր, սովորական մեղքեր: Մէկը մեղք պիտի գործէ իր ձեւով, միւսը տարբեր ձեւով: «Ամէն մէկս իր ճամբան դարձաւ:» Մէկը աջ դարձաւ, միւսը՝ ձախ: Երկուքն ալ մերժեցին Աստուծոյ ճամբան:

Քրիստոսի ժամանակ, հրատարակիչներ կային, որոնք ուժքին կ'ընդդիմանային Աստոծոյ օրէնքին դէմ:Մեղաւորներ կային, որոնք հեռացան Աստուծմէ եւ աւելորդ միսի (flesh) մեղքեր գործեցին: Բարիսեցիներ էին անոնք, որոնք հպարտ էին եւ անձնական արդարամիտութեամբ, եւ կը մտածէին որ իրենք աւելի լաւ էին քան ուրիշներ: Կային նաեւ Սատտիուսիները (Sadducees), որոնք չէին հաւատար հրեշտակներու կամ սատանաներու: Անոնք աւելորդ միսի (flesh) մեղքեր չի գործեցին: Անոնք publican-ններուն կամ սնոտիապաշտներու կամ Բարիսեցիներու չափ մեղաւոր չապրեցան, բայց անոնք նաեւ ընդդիմացան Աստոծհամար օրէնքին: Անոնց իւրաքանչիւրին ըսել նոյն բանը:

«Ամէն մէկս իր ճամբան դարձաւ» (Եսայի 53:6)

Ձեզմե ոմանք կրնան մեծցած ըլլալ Քրիստոնեայ ընտանիքի մը մէջ, հակառակ անոր, կը մեղանչէք մերժելով Սրբ. Գրոց լոյսը: Անիկա ձեր «սեփական ճամբան է«: Այլապէս՝ կրնաք մտածել որոշ մեղքի մասին: Երբ կը յիշէք զայն, դուք խորապէս կը մտահոգուիք: Տակաւին ձեզմէ ոմանք կը գտնուին յանձանքի զգայնութեան տակ՝ Քրիստոսի վստահելով ներում եւ խաղաղութին գտնելու փոխարէն: Ոմանք այդպէս կը շարունակեն, մերժելով Քրիստոսի վստահիլ: Ամէն մէկս իր ճամբան դարձաւ»

Ուրիշ անձ մը կրնայ ըսել. «Ես կարծրացուցի սիրտս»: Փորձեցի համոզուիլ եւ զգալ կարիքը Քրիստոսի, բայց հիմա ոչ: Ներկայիս, կը վախնամ, որ Տէրը բարկացած ըլլալով պիտի չարտօնէ որ մտնեմ Իր հագստարանը: Կը վախնամ որ Աստուած լքած է զիս:» Բայց կուզեմ, որ ուշադրութեամբ մտիկ ընէք մեր յօդուածին մնացեալ մասը, որովհետեւ, հոն կայ երրորդ պարբերութիւն մը, որ ցոյց կուտայ թէ տակաւին յոյս կայ քեզի համար:

III. Երրորդ, Փոխանորդաբար , մեղքեր քաւող Յիսուս մեռաւ Իր Ժողովուրդին մեղքերուն Համար:

Հաճեցէք ոտքի կայնիլ եւ կարդալ չափածոյ խօսքը, մասնաւոր ուշադրութիւն դարձնելով վերջին նախադասութեան վրայ. «Եւ ՏԷրը մեր ամէնուն անօրէնոււթիւնը անոր վրայ դրաւ»

«Ամէնխս ոչխարներու պէս մոլորեցանք: Ամէն մէկս իր ճամբան դարձաւ Եւ ՏԷրը մեր ամէնուն անօրէնոււթիւնը անոր վրայ դրաւ» (Եսայի 53:6)

Կրնաք նստիլ: Dr. Edward J. Young ըսաւ.

Չափածոյ խօսքին առաջին կէսը ցոյց կուտայ ծառային տառապանքներուն պատճառը եւ եկրորդը՝ կը հաստատէ, որ Տէրն Ինք տառապեցուց ծառան, մեր ամէնուն անօրէնոււթիւնները անոր վրայ դրաւ: [laid] բայը կը նշանակէ զարնել կան ուժգին հարուածել: Մեղքը, որուն համար յանձաւոր ենք՝ ետ դարձ չընէր, հարուածելու համար մեզ, ինչ որ կ'ակընկալէինք: Ան կը հարուածէ [Քրիստոսը] մեր [տեղը]: Յաձանքը, որ մեզի կը պատկանի, Աստուած պատճառեց՝ անոր հարուածուիլը, մեր փոխարէն, կրելու մեր մեղքի պատիժը ... Հովիւը իր կեանքը տուաւ ոչխարին համար (Dr. Edward J. Young, Ph.D., The Book of Isaiah, Eerdmans, 1972, pp. 349-350).

«Ամէնս ոչխարներու պէս մոլորեցանք: Ամէն մէկս իր ճամբան դարձաւ Եւ ՏԷրը մեր ամէնուն անօրէնոււթիւնը անոր վրայ դրաւ» (Եսայի 53:6)

Քարոզի մը մէջ, որուն վերնագիրն է «Individual Sin Laid on Jesus,» Spurgeon ըսաւ.

Հոս են Տիրոջ մեղքերը, խատառակ մեղքերը: Չեմ կրնար նշել զանոնք: Անոնք շատ տարբեր են Դաւիթի մեղքերէն: Սեւ մեղքեր, կարմիր գոյնի մեղքեր, որոնք դաւիթինն են: Բայց Դաւիթին մեղքերը բնաւ նոյնը չէին Manasseh-իններուն հետ բաղդատած: Manasseh-ին մեղքերը չէին նմաներ Peter-իններուն (Պետրոսներու). Պետրոս մեղանջեց համարեայ տարբեր կերպով, եւ կինը որ մեղաւոր մըն էր, կարելի չէր նմանցնել Պետրոսին, ոչ ալ Լիտիային (Lydia), եթէ նայիք անոր նկարագրին:Եթէ մտածէք Լիտիայի մասին, կրնա՞ք տեսնել տարբերութիւնը անոր եւ բանտապետ Philippian-ի միջեւ: Անոնք բոլորն ալ իրարու նման են, անոնք բոլորը մոլորեցան, բայց անոնք իրարմէ տարբեր են, անոնց իւրաքանչիւրը իր սեփական ճամբան գտաւ. Բայց Տէրը ամէնուն անօրէնոււթիւնը անոր վրայ դրաւ ... Երբ Սրբ. Գրոց բժշկութեան բաժինը գալու ըլլաք, հոն կը տեսնէք Յիսուս Քրիստոսի թանկագին արիւնը ... զոր հին բժիշկները վարժութիւնն ունէին կոչելու catholicon, տիեզերական բժշկութիւն մը, որ կը դարմանէ ամէն հիւանդութիւն... եւ կը հեռացնէ մեղքը իր յանցանքի բոլոր բաժանմունքներէն եթէ այդ մեղքի համար եղած են եւ այդ մեղքի համար միայն: (The Metropolitan Tabernacle Pulpit, Pilgrim Publications, 1977 reprint, volume XVI, pp. 213-214).

Վստահէ Քրիստոսին: Ենթարկուէ Քրիստոսին: Վստահէ Իրեն եւ երբէք ամօթով պիտի չմնաս, «ՏԷրը մեր ամէնուն անօրէնոււթիւնը անոր վրայ դրաւ»:

Յանձաւոր, զզուելի եւ անօգնական, մենք.,
Ամբասիր Աստուծոյ Ոջխար էր Ան,
Լրիւ քաւութիւն, կարելի ՞ է,
Ալէլուա՜Այս ի'ն Փրկիչ է : (“Hallelujah, What a Saviour`”
by Philip P. Bliss, 1838-1876)

Պիտի վստահի՞ս Յիսուսին: Պիտի ենթարկուի՞ս Իրեն եւ վստահի՞ս Իրեն: Պիտի մաքրուի՞ս մեղքէ Իր Արեամբ, եւ փրկուի՞ս Աստուծոյ դատաստանէն, Իր փոխանորդական զոհաբերութեամբ Խաչին վրայ: Թող Աստուած, մեր Հայրը հաւատք շնորհէ քեզի, որ կապուիս Քրիստոսին, առանձին: Յանձնուիս Իրեն եւ փրկուի'ս:

Եկէք միասին ոտքի ելլենք: Եթէ կուզէք մեզի հետ խօսիլ Յիսուսի վստահելու մասին՝ կը խնդրենք, որ հիմա, ձեր աթոռներէն ելլէք եւ քալէք դէպի հանդիսասրահի ետեւը: Dr. Cagan ձեզ պիտի տանի հանդարտ սենակ մը, ուր մենք կրնանք խօսիլ ձեզի հետ Քրիստոսին յանձնուելու եւ ձեր մհղքերէն մաքրուելու մասին, Անոր սուրբ Արիւնով: Mr. Lee, եկըքէք եւ աղօթեցէք անոնց համար, որոնք պատասխանացեցին: Ամէն:

(ՔԱՐՈԶԻՆ ԱՒԱՐՏԸ)
Դուք կրնաք Dr. Hymers-ի քարոզները կարդալ ամէն շաբաթ համացանցի
հետեւեալ կայքի վրայ. www.realconversion.com. Կտեցէք կոճակը “Sermon Manuscripts” վրայ:

You may email Dr. Hymers at rlhymersjr@sbcglobal.net, (Click Here) – or you may
write to him at P.O. Box 15308, Los Angeles, CA 90015. Or phone him at (818)352-0452.

Դուք կրնաք անգլերէն լեզուով` ե-մակով (email) կապուիլ Dr. Hymers-ի հետ
հետեւեալ. rlhymersjr@sbcglobal.net. Հածացանցով: Կրնաք գրել իրեն փոստով
հետեւեալ հասցէին. P.O. Box 15308, Los Angeles, CA 90015. Հեռաձայնել իրեն
հետեւեալ թիւին. (818) 352-0452:

Կտակարանը Կարդալ Dr. Kreighton L. Chan-ի Քարոզէն առաջ. Եսայի 52:13-53: 6.
Մեներգ՝ Քարոզէն Առաջ. Benjamin Kincaid Griffith. “Yes, I Know” (Anna W. Waterman, 1920).


ՆԱԽԱԳԻԾ՝

ԸՆԴՀԱՆՐԱԿԱՆ ՄԵՂՔ, ԱՌԱՆՁՆԱՅԱՏՈՒԿ ՄԵՂՔ
ՄԵՂՔԻ ԴԱՐՄԱՆՈՒՄԸ

(ՔԱՐՈԶ ԹԻՒ 7 ԵՍԱՅԻ 53-Ի ՄԱՍԻՆ)
UNIVERSAL SIN, PARTICULAR SIN, AND THE CURE FOR SIN
(SERMON #7 ON ISAIAH 53)

Dr. R. L. Hymers, Jr.

«Ամէնս ոչխարներու պէս մոլորեցանք: Ամէն մէկս իր ճամբան դարձաւ Եւ ՏԷրը մեր ամէնուն անօրէնոււթիւնը անոր վրայ դրաւ» (Եսայի 53:6)

(Եսայի 53:4, 5, 6, 8, 9, 10, 11, 12)

I.   Առաջին, ընդհանուր խօստովանանք մարդկային արարածի մեղքին Համար Եսայի 53:6ա: Հռովմ. 3:9-11:1, Պետրոս 2:25. Եփեսացիս 2:12, 4:18:

II.  Երկրորդ. Առանձնայատուկ խօստովանանք իւրաքանչիւրի մեղքին համար: Եսայի 53:6 բ.

III. Երրորդ, Փոխանորդաբար , մեղքեր քաւող Յիսուս, մեռաւ Իր Ժողովուրդին մեղքերուն Համար: