Print Sermon

Այս կայքի նպատակն է տրամադրել անվճար գրված և վիդիոի առնված հատկապես Երրորդ Աշխարհում, որտեղ սահմանափակ աստվածաբանական ճեմարաներ կամ Սուրբ Գրային դպրոցներ կան։

Այս պատգամները հաղորդվում են 1,500,000 համակարգիչներին թե գրավոր և թե վիդէոների միջոցով և տարածվում 221-ից աւելի երկրների մեջ www.sermonsfortheworld.com հասցեով ամեն ամիս։ Հարիւրավոր անձինք դիտում են այս վիդեոները, YouTube-ի միջոցով, բայց շուտով քարոզները փոխադրվոլու են մեր կայքին։ Մեր կայքը սնվում է YouTube-ի միջոցով։ Այս քարոզները 46 լեզուներով թարգմանվում են ամեն ամիս և մոտ 120,000 համակարգիչների են տրվում։ Այս պատգամների համար հեղինակային իրավունք ստացված չեն և բոլոր քարոզիչները հնարավորություն ունեն օգտագործել իւրաքանչիւր գրավոր պատգամը առանց հեղինակի թույլատվություն ստանալով։ Խնդրում ենք սեղմել այստեղ, տեղեկանալու թէ ինչպես կարելի է ամսական նիւթականով օգտակար գտնվել այս հիանալի աշխատանքին, տարածելու Աւետարանի Բարի Լուրը բոլոր աշխարհին։

Կ՛խնդրենք, երբ Դկ. Հայմերզին կ՛գրեք, անպայման նշել որ երկրում էք ապրում, այլապես նա չի կարողանա ձեզ պատասխանել։ Դկ. Հայմերզի էլէկտրոնիկ հասցեն է rlhymersjr@sbcglobal.net։




ՔՐԻՍՏՈՍ-ԸՆԴՀԱՆՐԱՊԷՍ ԱՐԺԷՔԱԶՐԿՈՒԱԾ

(ՔԱՐՈԶ ԹԻՒ 4 ԵՍԱՅԻ 53-ԻՄԱՍԻՆ)
CHRIST – UNIVERSALLY DEVALUED
(SERMON NUMBER 4 ON ISAIAH 53)
(Armenian)

Dr. R. L. Hymers, Jr.

Քարոզ մը տրուեցաւ Los Angeles, Baptist Tabernacle-ի մէջ
Շաբաթ երեկոյան 16 Մարտ 2013ին
A sermon preached at the Baptist Tabernacle of Los Angeles
Saturday Evening, March 16, 2014

«Անիկա մարդոցմէ անարգուեցաւ ու երեսէ ձգուեցաւ. Եւ վիշտերու տէր ու ցաւերու տեղեակ եղաւ եւ անկէ երես դաձնելու մարդու պէս եղաւ: Անարգուեցաւ ու զանիկա չյարգեցինք»: (Եսայի 53:3)


«Անիկա մարդոցմէ անարգուեցաւ ու երեսէ ձգուեցաւ. Եւ վիշտերու տէր ու ցաւերու տեղեակ եղաւ եւ անկէ երես դաձնելու մարդու պէս եղաւ: Անարգուեցաւ ու զանիկա չյարգեցինք»: (Եսայի 53:3)

Dr. Edward J. Young ըսաւ.

Այն անհաւատալին որ Եսային հոս յայտնաբերեց` այդ նոյն անհաւատալին է մեր օրերուն: Մարդիկ կ'ըսեն հաճելի եւ յարգալիր խօսքեր (Քրիստոսի մասին): Անոնք պիտի գովեն Անոր յատկութիւնները (ethics), Անոր ուսուցումը, յայտարարեն, որ Ան լաւ մարդ էր եւ մեծ մարգարէ էր, ու միակը՝ որ պատասխաններ ունէր մեր օրերուն դիմագրաւուած ընկերային հարցերուն: Անոնք պիտի չկարենան գիտակցիլ սակայն որ իրենք մեղաւորներ են, արժանի՝յաւիտենական պատիժի, եւ որ Քրիստոսի մահը անփոխարինելի զոհողութիւն մըն էր, որ կոչուած էր գոհացնելու Աստուծոյ արդարութիւնը եւ Աստուծոյ դէմ գործուած մեղանչումը: Մարդիկ պիտի չստանան այն ինչ Աստուած կ'ըսէ Իր Զաւկին կապակցութեամբ: Այսօր, նաեւ, Ծառան (Քրիստոս), մարդոց կողմէ անարգուած եւ ուրացուած է եւ մարդիկ չեն յարգեր Զինք (Dr. Edward J. Young, Ph. D., The Book of Isaiah, William B. Eerdmans Publishing Company, 1972, volume 3, p. 344).

Luther ըսաւ թէ Եսայայի այդ յիսուն երրորդ գլուխը` Աւետարանի դժուարագոյնն է: Կը մտածեմ, որ ան իրաւացի է: Եթէ ընդունիք զանիկա, մեր յօդուածը կ'ստանայ մեծ կարեւորութիւն: Ես կը հաւատամ որ այս համարը ամէնայստակ բանաձեւումն է մարդու ապականման մասին, Աւետարանի մէջ գրուած: «Ապականում»՝(depravity) ըսելով մենք կը հասկնանք «փտութիւն» (corruption), «ընդհանուր» ըսելով, մենք կը հասկնանք «ամբողջական»: Մարդ ամբողջապէս կը փտտի մեր առաջին ծնողներուն մեղքերուն պատճառաւ: Ինչպէս Heidelberg Catechism-ի մէջ գրուած է, մարդու «Ապականումը»՝ (depravity) կու գայ մեր առաջին ծնողներուն՝Ադամի եւ Եւայի Արքայութեան մէջ անկումէն եւ անհնազանդութենէն:

«Քանզի մարմնաւոր խորհուրդը Աստուծոյ դէմ թշնամութիւն է»: (Հովմ. 8:7)

Այդ թշնամութիւնը հասաւ Քրիստոսին, որ Աստուծոյ Զաւակն է: Ամբողջական պաշտօնազրկումը կը բացատրէ թէ ինջու՞ հռովմէացի զինուորները ձեռբակալիցին Զինք:

«Եւ թքնելով անոր վրայ ՝ եղէքը կ'առնէին ու անոր գլուխը կը ծեծէին» (Մաթէոսի 27-30)

Ամբողջական ապականումը կը բացատրէ թէ ինչու՞ հռովմէացի կառավարիչ Պիղատոս

«Յիսուսը ծեծելով անոնց ձեռքը տուաւ որպէս զի խաչուի»: (Մաթէոսի 27-26)

Ամբողջական ապականումը կը բացատրէ թէ ինչու՞ ժողովուրդը Պոռաց Անոր վրայ եւ անարգեց Զայն երբ Ան կախուած կը մեռնէր խաչին վրայ: Ամբողջական ապականումը կը բացատրէ թէ ինչու՞, անգամ այսօր,

«Անիկա մարդոցմէ անարգուեցաւ ու երեսէ ձգուեցաւ. Եւ վիշտերու տէր ու ցաւերու տեղեակ եղաւ եւ անկէ երես դաձնելու մարդու պէս եղաւ: Անարգուեցաւ ու զանիկա չյարգեցինք»: (Եսայի 53:3)

I. Առաջին, Ամբողջական ապականումը պատճառաւ, մարդ արարածը կ'արհամարհէ եւ կ'ուրանալ Քրիստոսը:

«Անիկա մարդոցմէ անարգուեցաւ եւ ուրացուեցաւ» (Եսայի 53:3)

Ասիկա կը նկարագրէ Քրիստոսի ընդհանուր ուրացումը, ինչ որ կը տեսնենք աշխարհի մէջ, ներկայ օրերուն: Անիկա կը տեսնենք պարբերաթերթերու, ինչպէս Time-ի եւ Newsweek-ի կողքերուն վրայ, Սրբ. Ծննդեան եւ Զատկուան տօնական օրերուն: Այս լրատուական պարբերաթերթերը, անփոփոխ կերպով կը տպեն առաջնորդող պատմութիւն մը, քրիսատոսի մասին, ամէն Դեկտեմբերի եւ իւրաքանչիւր Ապրիլին: Բայց ես կրնամ վստահեցնել ձեզ, որ անոնք բնաւ փաղաքշական պատմութիւններ չեն: Անոնք միշտ կ'ընտրեն Քրիստոսը պատկերող միջնադարեան այլանդակ գծագրութիւն մը, որպէս պարբերաթերթի կողքի նկար, ուր Քրիստոս կը ներկայացուի արդի մտածողութենէ դուրս արտարոց կերպով: Անշուշտ անոնք այս կ'ընեն նպատակով: Անոնք անփոփոխ կերպով ունին կողքին դրուելիք պատմութիւն մը, որ գրուած կ'ըլլայ մարդոց կողմէ, որոնք ծայրայեղ ազազատամիտ աստոաւծաբաններ են, մարդիկ, որոնք կ'ուրանան Քրիստոսը իբրեւ Աստուծոյ կողմէ ընդունուած (begot) Որդին եւ միակ փրկիչը: Ես վստահ եմ, այս տեսակ բաները կը տպուին Անգլիական դապլոյիտներու (British tabloids) եւ պարբերաթերթերու մէջ, աշխարհով մէկ: Քրիստոս յաճախ բացայայտօրէն յարձակման կ'ենթարկուի հեռուստատեսիլի վրայ եւ նոյնպէս շարժապատկերի սրահներու մէջ:

Ձեր հարիւրամեայ High School-ի կամ գոլէճի մէջ, ուր դուք ուսանողներ եք, լաւապէս տեղեակ եք, որ ձեր ուսուցիչները բնաւ լաւ բառ մը չեն ըսեր Յիսուսի կամ Քրիստոնէութեան մասին: Քրիստոս եւ Իր ուսուցումները մշտապէս կը հարուածուին եւ կը նսեմացուին ձեր դասախօսներուն կողմէ:

«Անիկա մարդոց կողմէ անարգուեցաւ ու երեսէ ձգուեցաւ»: (Եսայի 53:3)

Ձեր դասընկերները դպրոցէ ներս եւ աշխատանքի գործակիցները, Քրիստոսի անունը կը գործածեն որպէս հայհոյութիւն, եւ կը վատաբանեն Զինք ամէն օր: Եթէ ոչ-Քրիստոնեայ ընտանիքէ կու գաք, ընդունելիութիւն չէք գտներ հոն: Շատ լաւ գիտէք, որ ձեր ոչ-Քրիստոնեայ ծնողները կ'անարգեն եւ կ'ուրանան Փրկիչը: Ձեզմէ շատեր գիտեն թէ որքան դժուար է տոկալ քրիստոսի դէմ եղած չարախօսութեան եւ հեգնանքին եւ քու մասին՝ Անոր հաւալուդ համար եւ դառնալուդ համար լուրջ Քրիստոնեայ, Մկրտչական եկեղեցւոյ մէջ:

«Անիկա մարդոց կողմէ անարգուեցաւ ու երեսէ ձգուեցաւ»: (Եսայի 53:3)

II. Երկրորդ, Ամբողջական ապականումը Քրիստոսին պատճառեց վիշտ ու ցաւ

«Անիկա մարդոցմէ անարգուեցաւ ու երեսէ ձգուեցաւ. Եւ վիշտերու տէր ու ցաւերու տեղեակ եղաւ» (Եսայի 53:3)

Ի՞նչ բանը Քիստոսի վիշտ ու ցաւ պատճառեց: Ի՞նչ ուրիշ բան, բացի թշնամանքէ եւ ուրացումէ, որ ըսուած էր Իրեն դէմ: Երբ Ան կ'ապրէր երկրի վրայ՝ դպիրները, Բարիսեցիները եւ քահանաները այնքան հակառակ էին Անոր, եւ այնքան ուժքին ուրազան Զինք, որ Ան պոռաց իր հոգեվարքին մէջ.

«Ով Երուսաղէմ, երուսաղէմ, որ մարգարէները սպաննեցիր, ու քեզի ղրկուածները քարկոծէցիր, քանի՞ անգամ ՝ քու տղաներդ ժողվել ուզեցի, ինչպէս հաւը իր ձագերը թեւերուն տակ կը ժողվէ, եւ դուք չուզեցիք: (Ղուկաս 13:34)

Քրիստոս խիստ ընկճուած էր վիշտէն ու ցաւէն, ճնշուած էր մարդու մեղքով Կեցսէմանիի Պարտէզին մէջ, Իր խաչելութենէն գիշեր մ'առաջ .

«Եւ իր քրտինքը արիւնի մեծ կաթիլներու պէս էր, որ գէտինը կը թափուէր» (Ղուկաս 23:44)

Իմ Աստուածս կը կրէր բոլոր մեղքերս
Այս՝ շնորիւ հաւատքին եթէ ունիս Բայց դառնութիւններ որ Ինք
ապրեցաւ Շատ ծանր դիմանալու համար
Ոչ մէկը կրնար մտնել ներս
Չարագուշակ, մութ Կետսեմանի
Ոչ մէկը կրնար մտնել ներս
Չարագուշակ, մութ Կետսեմանի:
(“Gethsemane” by Joseph Hart, 1712-1768)

Ի՞նչն էր պատճառը Քրիստոսի հոգեւարքին, եթէ ոչ քու մեղքդ: Ի՞նչն էր պատճառը Իր վշտին ու ցաւին, եթէ ոչ՝ քու հակառակութիւնդ ու թշնամութիւնդ, քու ապականած բնութիւնդ: Աստուած անհրաժեշտ համարեց ղրկել Իր Որդին, որ կրէ քու մեղքերդ Կետսեմանիէն մինչեւ Խաչը:

Վշտերու Մարդը՝ ի'նչ անուն՝
Աստուծոյ որդւոյն համար, որ եկաւ
Պահանջելու համար խորտակումը մեղքերուդ
Ալէլուա', Այս ի'նչ Փրկիչ է:

Ամօթալի վարմունք, եւ կոպիտ ծաղրանք,
Իմ փոխարէն Ան դատապարտեալ կեցած,
Իմ թողութիւս կնքած Իր Արեամբ.
Այս ի'նչ Փրկիչ է: Ալէլուա:
(“Hallelujah! What a Saviour!” Philip P. Bliss, 1838-1876)

Այդ ի՞նչն է քու ներսիդին այսoր, որ վիշտ ու ցաւ կը պատճառէ Քրիստոսի, երբ կանարգես եւ կուրանաս Զինք: Դուն կրնաս ըսել թէ կը սիրես Զինք: Բայց այն իրողութիւնը, որ դուն կը մերժես վստահիլ Իրեն՝ ցոյց կու տայ որ դուն իրապէս կարհամարհես եւ կուրանաս Զինք: Անկե'ղծ եղիր ինքզինքիդ հետ: Եթէ դուն չես անարգեր եւ ու չես ուրանար Զինք՝ ի՞նչ ուրիշ կարելի պատճառ կրնայ ըլլալ, որ քեզ հեռու պահէ Իրեն վստահելէ: Քու մերժելդ Իրեն վստահելու, Իրեն կը պատճառէ վիշտ ու ցաւ այս երեկոյ:

«Անիկա մարդոցմէ անարգուեցաւ ու երեսէ ձգուեցաւ. Եւ վիշտերու տէր ու ցաւերու տեղեակ եղաւ» (Եսայի 53:3)

III : Երրորդ, ամբողջական ապականումը պատճառաւ կը դառնայ, որ մարդ արարածը ծածկէ իր երեսը՝ Քրիստոսէ:

«Անիկա մարդոցմէ անարգուեցաւ ու երեսէ ձգուեցաւ. Եւ վիշտերու տէր ու ցաւերու տեղեակ եղաւ եւ անկէ երես դաձնելու մարդու պէս եղաւ: Անարգուեցաւ ու զանիկա չյարգեցինք»: (Եսայի 53:3)

Dr. Gill ըսաւ. «Եւ մենք ծածկեցինք մեր դէմքերը Իր երեսէն» որ գտանք դժկամակելի եւ պշկալի, նաեւ զզուելի եւ ատելի, այլապէս անարժէք: ( John Gill, D.D. An Exposition of the Old Testament, The Baptist Standard Bearer, 1989 reprint, volume I, pp. 311-312)

Իրենց բնական ապականման վիճակին մէջ, մարդիկ երեսնին կը ծածկեն Քրիստոսէն: Անոնք կրնան, ինչպէս Dr. Young կ'ըսէ, «հաճելի եւ յարգալիր բաներ ըսել Անոր մասին...(Բայց) անոնք պիտի չկարենան գիտակցիլ, որ իրենք մեղաւորներ են, արժանի՝ յաւիտենական պատիժի եւ Քրիստոսի այդ մահը փոխանորդական – vicarious – զոհողութիւն» մըն էր բաւարարելու համար Աստուծոյ արդարութիւնը եւ մեղմացնելու Աստուծոյ բարկութիւնը հանդէպ մեղքերու: Անոնք պիտի չստանան այն, որ Աստուա ըսաւ Իր Զաւկին համար:

Ոչ-քրիստոնեայ կրօնքները, կամ՝ կը լրիւ կը մերժեն Քրիստոսը, կամ՝ կուրանան ճշմարիտ Յիսուսը, կամ՝ կը ղրկեն Զինք դէպի «մարգարէ»ի կամ՝ «ուսուցչի» հասարակ պաշտօնին: Այսպէս, անոնք կուրանան ճշմարիտ Քրիստոսը, ինչպէս որ յայտնուած է Աւետարանին մէջ: Պաշտամունքներուն՝ նոյնպէս կուրանան ճշմարիտ Քրիստոսը: Անոնք կուրանան ողղափառ Քրիստոնէութիւնը եւ օժանդակը (substitude), ճշմարիտի Յիսուս փոխարէն, կը պաշտեն «ուրիշ Յիսուս, զոր չենք քարոզած»: (II Կորնթացիս 11:4): Քրիստոս պիտի մարգարէանար երբ կ'ըսէր. «սուտ Քրիստոսներ եւ սուտ մարգարէներ պիտի ելլեն» (Մաթէոս 24:24): Ճշմարիտ միակ Քրիստոսը այն է, որ յայտնուեցաւ Հին եւ Նոր կտակարաններու մէջ: Քրիստոսի այլ յղացումներ՝ «սուտ Քրիստոսներ են,» կամ ըստ Պօղոս Աւաքեալի «ուրիշ Յիսուս մըն է», զոր մենք չենք քարոզած:» Մորմոնները սխալ Քրիստոս մը ունին: Եհովայի Վկաները սխալ Քրիստոս մ'ունին: Բազմաթիւ աւետարանչականներ նոյնպէս սխալ «Քրիստոսի-Խորհուրդ» (Spirir-Christ) ունին այսօր, ճանաչական Քրիստոս (Gnostic Christ), ինչպէս Dr. Michael Horton իր գրքին մէջ բացատրէ «Անքրիստոնեայ Քրիստոնէութիւն» “Christless Christianity “ (Baker Books, 2008 ) Հաւատալով սխալ Քրիստոսի մը՝ անոնք կը ծածկեն իրենց երեսը ճշմարիտ Քրիստոսի առչեւ, որ յայտնուած է Սրբ. Գրոց մէջ:

Ցաւով կը յայտնենք թէ ասիկա յաճախ ճշմարտութիւն է Աւետարանչական Քրիստոնեաներու մէջ: Dr. A. W. Tozer, մեծապէս յարգուած աւետարանչական հեղինակ մը՝ ուղղակի կը շեշտէ այդ կէտը երբ կ'ըսէ.

         Գոյութիւն ունի մեծաթիւ շինծու Քրիստոսներ մեր մէջ (Աւետարանչականներ) այս օրերուս: John Owen, հին Մաքրակրօն (Puritan) մը, զգուշացուց մարդիկը իր ժամանակին. «Դուք երեւակայական Քրիստոս մը ունինք եւ եթէ բաւարարուած երեւակայական Քրիստոսով մը, պէտք է բաւարարուած ըլլաք երեւակայական փրկութեամբ»...: Բայց միայն մէկ ճշմարիտ Քրիստոս կայ, եւ Աստուած ըսաւ թէ Ան իր Զաւակն է...: Անգամ անոնց մէջ, որոնք հաւատացին Քրիստոսի Աստուածութեան, յաճախ առկայ է սխալմունք մը, որ չեն հաւատար Քրիստոսի մարդեղութեան (manhood): Մենք կը հաւատանք թէ, երկրի վրայ կը քալէր, Ան Աստուած էր մարդոց մէջ, բայց մենք հաւարապէս կը կարեւորենք, այն՝ որ Ան այժմ նստած է Միջնորդական գահին վրայ՝ (Արքայութեան մէջ), մարդ է Աստուծոյ հետ: Նոր Կտակարանի ուսուցումը այն է հիմա, որ մարդ մը կայ Արքայութեան մէջ, որ ներկայ է Աստուծոյ մօտ, մեզի համար: Ան վստահաբար մարդ մըն է, ինչպէս էր Ադամը կամ Մովսէսը կամ Պետրոսը: Ան համբաւաւոր մարդ մըն էր, բայց իր համբաւը չ'անմարդկայնացուց Զինք: Այսօր Ան ճշմարտապէս մարդ է, մարդ արարածէ սեռած: Փրկութիւնը չի գար «աւարտած գործը մը ընդունելով» կամ «որոշելով Քրիստոսը:« (Փրկութիւնը) Կու գայ հաւատալով Մեր Տէր Յիսուս Քրիստոսին՝ ապրող, յաղթական Արքան, որ, իբրեւ Աստուած եւ մարդ, կռուեցաւ մեր կռիւը եւ յաղթեց, յանձն առաւ մեր պարտքը (մեղքերու) եւ վճարեց, առաւ մեր մեղքերը եւ մեռաւ անոնց տակ եւ ետ յարութիւն առաւ մեզ ազատ արձակելու համար: Ան Ճշմարիտ Քրիստոսն է: (Dr. A. W. Tozer, D.D, *Jesus Christ is Lord,” Gems From Tozer, Christian Publication, 1969, by permission of Send the Light Trust – 1979, pp. 24, 25)

Բնական ապականումը մարդկային սիրտին չի փրկեր մարդիկը, որոնք երեսնին կը ծածկեն ճշմարիտ Քրիստոսէն:

«Անիկա մարդոցմէ անարգուեցաւ եւ երեսէ ձգուեցաւ» (Եսայի 53:3 )

IV. Չորրորդ՝ ամբողջական ապականումը պատճառաւ կը դառնայ, որ մարդ արարածը դերագնահատէ Քրիստոսը:

Մեր յօդուածի աւարտին, կարդացէք համար (ոտանաւորը) երեքը: Կեդրոնանանք եւ բարձրաձայն կարդանք վերջին պարբերութիւնը, որ կ'սկսի հետեւեալ բառերով. «ան անարգուած էր...»

«Անիկա մարդոցմէ անարգուեցաւ ու երեսէ ձգուեցաւ»: (Եսայի 53:3)

Կրնաք նստիլ: Այս բառերով խօսելով , «մենք զինք յարգած չենք ըլլար» Spurgeon, «քարոզիչներու իշխանը« ըսաւ,

Ասիկա պէտք ըլլայ խօստովանանքը մարդկային ցեղին: Արքայէն մինչեւ ամէնահասարակ գիւղացին, բսրձրագոյն Մտաւորականէն ամէն ատգէտ մարդը, բոլոր մարդոց կողմէ հիացում վայելող մարդէն մինչեւ անծանօթ եւ աննշանը, այս խօստովանանքը պիտի կատարեն. «Անիկա մարդոցմէ անարգուեցաւ» ... անգամ ամէնէն սուրբերէն...նոյնիտկ անոնց կողմէ «որոնք անգամ մը գնահատած էին զինք» «անգամ մը գնահատած էին զինք (նախքան իրենց ապաշխարհելը»): (The Metropolitan Tabernacle Pulpit, Pilgrim Publications, 1978 reprint, volume LIII, p. 157 )

Այդ նոյն քարոզի մէջ, որ վերնագրուած է «Ինչու՞ Քրիստոս Չի Յարգուեցաւ«, Spurgeon չորս պատճառներ տուաւ թէ ինչու՞ կորսուեցաւ այն բառը, որով պիտի գնահատուէր Քրիստոս, ինչու՞ չապաշխարհած մարդիկ չի տեսան Քրիստոսի արժանիքը, չի տեսան Անոր մեծութիւնը, չի յարգեցին եւ չի պաշտեցին Զինք: Spurgeon ըսաւ թէ չի փրկուած մարդիկ չի յարգեցին Զինք հետեւեալ չորս պատճառներով.

(1) Մարդիկ չարժեւորեցին Քրիստոսը որովհետեւ իրենք զիրենք գերագնահատեցին: «Ինքնա-գնահատում» ըսաւ ան, «հեռու կեցէք Յիսուսէն... աւելի կ'աւելնայ մեր վարկը, աւելի ուժգին եւ արագ կը փակուին դուռերը Քրիստոսի դէմ: Անձնասիրութիւնը կ'արգիլէ Քրիստոսի սէրը»:

(2) Մարդիկ չարժեւորեցին Քրիստոսը որովհետեւ իրենք գերագնահատեցին աշխարը: ըսաւ. Spurgeon, «Մենք յարգեցինք զինք ոչ որովհետեւ սիրեցինք երկիրը եւ բոլոր խենթաութիւնները«:

(3) Մարդիկ չարժեւորեցին Քրիստոսը որովհետեւ չի ճանջցան Զինք: Spurgeon ըսաւ, «Մեծ տարբերութիւն կայ Քրիստոսը գիտնալու եւ Քրիստոսը ինքնին ճանչնալու միջեւ ... Անոնք, որոնք սխալ կը մտածեն Քրիստոսի մասին, բնաւ ճանջցած չեն զինք...մենք չի յարգեցինք զինք..., որովհետեւ չի ճանչցանք զինք:

(4) Մարդիկ չարժեւորեցին Քրիստոսը որովհետեւ հոգեպէս մեռած էին: : Spurgeon ըսաւ, «Անոնք չի զարմացան որ մենք չէինք յարգեր Քրիստոսը, քանի հոգեպէս մեռած էինք...մենք մեռած էինք մեղանչումներու, մեղքերու մէջ, եւ աւելի ու աւելի կ'ապականէինք ամէն վայրկեան որ կ'անցնէր»:


Spurgeon մարդ արարածի՝ Քրիստոսը ուրանալուն պատճառները տուաւ, այն իրողութեամբ որ արժէք չի տեսան Անոր մէջ: Պիտի ուզէի գիտնալ թէ արդեօ՞ք այս վարկածը կը կիրարկուի ձեզի:

«Ան մարդոցմէ անարգուեցաւ ու երեսէ ձգուեցաւ. Եւ վիշտերու տէր ու ցաւերու տեղեակ եղաւ եւ անկէ երես դաձնելու մարդու պէս եղաւ: Անարգուեցաւ ու զանիկա չյարգեցինք»: (Եսայի 53:3)

Արդեօ՞ք քարոզի այս բառերը մտածել կուտան ձեզի ձեր ապակապութեան մասին, Քրիստոսի հանդէպ ձեր սրտի յամար ընդդիմութեան մասին: Արդեօ՞ք քիչ մը զգացիք ձեր սրտի ապականութիւնը, որ կուրանայ Քրիստոսը եւ չարժեւորէր Զինք: Եթէ ասոր նման որեւ ահռելի ապականում կը զգաք ձեր մէջ, կրնամ վստահեցնել ձեզ թէ միայն Աստուծոյ շնորհով է որ դուք կրնաք փկուիլ, ինչպէս John Newton կը մէջբերէ.

Զարմանալի շնորհ՝ ինչ անուշ կը հնչէ
     Որ փրկեց թշուառական մը ինծի նման,
Ես կորսուած էի, բայց գտնուած եմ հիմա
      Կոյր էի բայց կը տեսնեմ հիմա:
Անիկա շնորքն է որ վախը վերցուց սրտէս
     Եւ շնորքն է որ ազատեց զիս վախերէս
Ի՞նչքան է թանկ որ այդ շնորքը յայտնուեցաւ
      Այն պահը երբ հաւատացի
(“Amazing Grace “ by John Newton, 1725-1807)

Եթէ կը կարծես թէ քու յամար սիրտը թումբ կը կանգնի Քրիստոսի դէմ, եւ կը զգաս թէ քու թշուառական ապականումը պիտի ուրանայ Քրիստոսը, պիտի յանձնուի՞ս Իրեն հիմա: Պիտի վստահի՞ս Քրիստոսի, որուն աշխարհ անարգեց եւ ուրացաւ: Երբ հաւատաս Քրիստոսի, անմիջապէս պիտի փրկուիս մեղքէ եւ Դժողքէ, շնորհիւ Իր Արեամբ եւ արդարութեամբ: Ամէն:

(ՔԱՐՈԶԻՆ ԱՒԱՐՏԸ)
Դուք կրնաք Dr. Hymers-ի քարոզները կարդալ ամէն շաբաթ համացանցի
հետեւեալ կայքի վրայ. www.realconversion.com. Կտեցէք կոճակը “Sermon Manuscripts” վրայ:

You may email Dr. Hymers at rlhymersjr@sbcglobal.net, (Click Here) – or you may
write to him at P.O. Box 15308, Los Angeles, CA 90015. Or phone him at (818)352-0452.

Դուք կրնաք անգլերէն լեզուով` ե-մակով (email) կապուիլ Dr. Hymers-ի հետ
հետեւեալ. rlhymersjr@sbcglobal.net. Հածացանցով: Կրնաք գրել իրեն փոստով
հետեւեալ հասցէին. P.O. Box 15308, Los Angeles, CA 90015. Հեռաձայնել իրեն
հետեւեալ թիւին. (818) 352-0452:

Պատուելիին Քարոզէն առաջ կարդալ Կտակարանը. (Եսայի 52:13-53:3.
Մեներգ՝ Քարոզէն Առաջ, Benjamin Kincaid Griffith.
“Amazing Grace “ (John Newton, 1725-1807)


ՆԱԽԱԳԻԾ՝

ՔՐԻՍՏՈՍ-ԸՆԴՀԱՆՐԱՊԷՍ ԱՐԺԷՔԱԶՐԿՈՒԱԾ

(ՔԱՐՈԶ ԹԻՒ 4 ԵՍԱՅԻ 53)

Քարոզեց՝ Dr. R. L. Hymers, Jr.

«Անիկա մարդոցմէ անարգուեցաւ ու երեսէ ձգուեցաւ. Եւ վիշտերու տէր ու ցաւերու տեղեակ եղաւ եւ անկէ երես դաձնելու մարդու պէս եղաւ: Անարգուեցաւ ու զանիկա չյարգեցինք»: (Եսայի 53:3)

(Հռոմայեցի 8:7 . Մաթէոսի 27:30, 26)

I. Առաջին, Ամբողջական ապականումը պատճառաւ մարդ արարածը կ'արհամարհէ եւ կ'ուրանալ Քրիստոսը: Եսայի 53:3ա.

II. Երկրորդ, Ամբողջական ապականումը Քրիստոսի պատճառեց վիշտ ու ցաւ: Եսայի 53:3բ.-Ղուկաս 13:3բ. 22:44

III : Երրորդ, ամբողջական ապականումը պատճառաւ կը դառնայ,
որ մարդ արարածը ծածկէ իր երեսը Քրիստոսէ: (Եսայի 53:3բ,
II Կորնթացիս 11:4, Մաթէոսի 24:24):

IV. Չորրորդ՝ ամբողջական ապականումը պատճառաւ կը դառնայ,
որ մարդ արարածը դերագնահատէ Քրիստոսը: (Եսայի 53:3դ.